«Ամերիկայի Մէջ Ցոյցերը Երկրին Մէջ Խոր Ներքին Տագնապներու Գոյութեան Ցուցանիշ Են» Կ՛ըսէ Փութին
16 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ իր կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու մէջ անկարգութիւնները պարզապէս շարունակութիւնն են այն կացութեան, որ ստեղծուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութենէն ետք, երբ Տանըլտ Թրամփ յաղթանակ արձանագրեց, սակայն անոր հակառակորդները շարունակեցին կասկածի տակ առնել այդ յաղթանակին օրինականութիւնը:
Փութին «Ռոսիա-1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ երկրին մէջ կարգ մը ներքին խոր տագնապներու ցուցանիշներէն մէկն է»:
Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը նախապէս մտահոգութիւն յայտնած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մէջ Ռուսիոյ ենթադրեալ միջամտութեան վերաբերեալ նոր ենթադրութիւններուն շուրջ:
Դեսպանատունը ամերիկացի քաղաքագէտներուն կոչ ուղղած էր` վերջ տալու այդ պնդումներուն` աւելցնելով, որ այդպիսի լուրերու շրջանառութեան մէջ դրուիլը կը վնասէ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն:
aztagdaily.com/archives/475286