Հայոց Պատրիարքը Կ՝առաջարկէ Յունական Եկեղեցին Բանալ Քրիստոնէական եւ Մահմետական Պաշտամունքի Համար

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեան կը շարունակէ իր խնդրահարոյց հրապարակային յայտարարութիւնները՝ ատով իսկ հակադրուելով Պոլսոյ հայ համայնքին եւ աշխարհասփիւռ հայութեան

Հայոց Պատրիարքը Կ՝առաջարկէ Յունական Եկեղեցին Բանալ Քրիստոնէական եւ Մահմետական Պաշտամունքի Համար

17 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեան կը շարունակէ իր խնդրահարոյց հրապարակային յայտարարութիւնները՝ ատով իսկ հակադրուելով Պոլսոյ հայ համայնքին եւ աշխարհասփիւռ հայութեան

Վերջերս ընտրուած Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեան կը շարունակէ իր խնդրահարոյց հրապարակային յայտարարութիւնները՝ ատով իսկ հակադրուելով Պոլսոյ հայ համայնքին եւ աշխարհասփիւռ հայութեան: Քանի մը ամիս առաջ ան քննադատական մեկնաբանութիւններ ըրաւ ԱՄՆ Քոնկրէսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վերաբերեալ:

Պատրիարքի յայտարարութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ ան կը փափաքի հաճոյանալ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, յատկապէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին: Մեր յաճախակի խորհուրդները անոր՝ չխառնուելու իր պատասխանատւութենէն դուրս գտնուող գործերուն, կը մնան ձայն բարբառոյ անապատի։ Ան կարծես թէ չի հասկնար, որ պէտք է լուռ մնայ:

Ամբողջ աշխարհը տեղեակ է յունական Սուրբ Սոֆիայի պատմական տաճարը մզկիթի վերածելու Էրտողանի բազմիցս ըրած վիճահարոյց յայտարարութիւններուն մասին։ 1935 թուականին Աթաթուրքը մզկիթի կարգավիճակը փոխած էր թանգարանի։

Էրտողանի յայտարարութիւնները պատճառ դարձած էին համաշխարհային բանավէճի, յատկապէս Յունաստանի մէջ եւ աշխարհի յոյներու շրջանակէն ներս: Սուրբ Սոֆիայի տաճարը ընդգրկուած է UNESCO-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։ Տաճարը մզկիթի վերածելը, անշուշտ, զայրոյթ պիտի պատճառէ ամբողջ աշխարհին։

Ասիկա այն հակասութիւնն է, որուն մէջ անխոհեմաբար յայտնուած է Հայոց պատրիարքը՝ պարզապէս Էրտողանին հաճոյանալու համար։ Վերջին շրջանին Հայոց պատրիարքի խնդրահարոյց առաջարկին վերաբերեալ հնչած են խիստ քննադատութիւններ:

Եթէ Հայոց պատրիարքը քիչ մը իմաստութիւն ունենար, ան նախ պիտի խորհրդակցէր Պոլսոյ հայ համայնքի գլխաւոր անդամներուն հետ՝ անոնց կարծիքը գիտնալու համար։ Առաւել կարեւոր՝ ան պէտք է խորհուրդ հարցներ Կոստանդնուպոլսոյ յունական ընդհանրական (ecumenical) եկեղեցւոյ պատրիարք Բարդողիմէոսէն։ Բացի այդ, Հայոց պատրիարքը մտածա՞ծ է Պոլսոյ մէջ իսլամական առաջնորդներէն խորհուրդ հարցնելու մասին, արդեօ՞ք անոնց համար ընդունելի պիտի ըլլայ դաւանել իրենց իսլամական կրօնը նոյն կառոյցին մէջ, ինչպէս քրիստոնեաները: Ըստ մեր տեղեկութիւններուն՝ աշխարհի մէջ չկայ նման վայր, եւ պատճառն այն է, որ ասիկա անընդունելի է մահմետականներուն համար։

Հայոց պատրիարքի հերետիկոսական առաջարկը կրնայ նաեւ հակադրուիլ Թուրքիոյ մահմետականներուն եւ նախագահ Էրտողանին: Ահա այսպիսի անյաջող աւարտ պատրիարքի համար, որ կը փորձէր հաճոյանալ թրքական իշխանութիւններուն․․․

Պատրիարք Մաշալեանը ակամայ կը պաշտպանէ Սուրբ Սոֆիայի տաճարի կարգավիճակին փոփոխութիւնը թանգարանէն մզկիթի՝ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն համար մասնաւոր տարածքով։ Միակ բանը, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պիտի եզրակացնեն պատրիարքի առաջարկէն այն է, որ ան կողմ է եկեղեցին մզկիթի վերածելուն՝ անտեսելով անոր առաջարկը, որ մզկիթի մէջ անկիւն մը յատկացուի քրիստոնէական կրօնական արարողութիւններուն համար: Ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէր Հայոց պատրիարքը, եթէ օր մը Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշէր Վանայ լիճին մերձակայքը գտնուող հայկական Աղթամար եկեղեցին (այժմ պաշտօնապէս դասակարգուած իբրեւ զբօսաշրջային ​​տարածք) վերածել մզկիթի՝ փոքր սենեակ մը յատկացնելով քրիստոնէական պաշտամունքի համար:

Իրավիճակը աւելի բարդացնելով, պատրիարք Մաշալեան իր յայտարարութիւնը ըրաւ Twitter-ի շարք մը գրառումներու միջոցով: Կը զարմանամ, թէ ինչը դրդած էր զինք օգտագործելու Twitter-ը, որպէսզի նման յայտարարութիւն ընէ՝ յղի լուրջ հետեւանքներով։ «Սուրբ Սոֆիայի տաճարը պիտի բացուի պաշտամունքի համար», ըսաւ ան՝ նշելով, որ անիկա բաւական մեծ է այդ նպատակին համար՝ մէկ մասը առաջարկելով քրիստոնեաներուն։ «Թո՛ղ աշխարհը ծափահարէ մեր կրօնական խաղաղութիւնն ու հասունութիւնը: Թո՛ղ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը դառնայ մեր դարաշրջանի մարդկութեան խաղաղութեան խորհրդանիշ»։

Այնուհետեւ պատրիարքը նշեց, որ մարդկութիւնը աղօթած է այդպիսի միասնութեան համար եւ առաջարկեց ատիկա ընել միասնաբար՝ Սուրբ Սոֆիայի տաճարի գմբէթին ներքոյ․ «Հակառակ անոր, որ մեր դաւանանքները տարբեր են, բայց մի՞թէ մէկ Աստուած չենք պաշտեր»։ Ըստ անոր՝ հազար տարի ըլլալով պաշտամունքի տեղ քրիստոնեաներու եւ եւս 500 տարի՝ իսլամներու համար, Սուրբ Սոֆիայի տաճարը դէմ չէ ատոր։ «Սուրբ Սոֆիայի տաճարը կառուցուած է տասը հազար բանուորներու աշխատանքով՝ աստղաբաշխական ծախսերով», ըսաւ ան՝ մատնանշելով, որ աւելի քան 500 տարի շարունակ պաշտամունքի այս շինութեան վրայ բազմաթիւ վերանորոգումներ իրականացուած են Ֆաթիհ Սուլթանի հիմնադրամին կողմէ: Ան շեշտեց, որ անոնց նպատակն էր զայն պահպանել իբրեւ պաշտամունքի վայր, եւ «ոչ թէ միայն թանգարան»: Ան ըսաւ, որ ատիկա աւելի յարմար պիտի ըլլայ իբրեւ պաշտամունքի վայր, ուր հաւատացեալները կրնային ծնկաչոք աղօթել, քան իբրեւ զբօսաշրջային վայր՝ լեցուն շտապող այցելուներով»։ Թրքական լրատուամիջոցները անմիջապէս հրապարակեցին պատրիարքի յայտարարութիւնը:

Պատրիարքի միամիտ առաջարկին առաջինը կոշտ արձագանգեց «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլեթ Պահչելին, ծաղրելով այն միտքը, թէ «Սուրբ Սոֆիայի տաճարը Ուրբաթ օրը մզկիթ է, իսկ Կիրակի՝ եկեղեցի»։

Սուրբ Սոֆիայի տաճարը առաւել կարեւոր կրօնական վայրերէն մէկն է, յատկապէս յոյներու համար։ Տաճարը կառուցուած է 537 թուականին Բիւզանդական կայսրութեան կողմէն։ Անիկա աշխարհի ամենամեծ շինութիւնն էր եւ իր ժամանակի ճարտարագիտական մտքի հրաշալիք։ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը 1453 թուականին վերածուած է կայսերական մզկիթի՝ օսմանցիներուն կողմէ Կոստանդնուպոլսոյ (այժմ՝ Սթամպուլ) գրաւումէն ետք։ Այնուհետեւ մզկիթը Աթաթուրքի հրամանով 1935 թուականին վերափոխուած է թանգարանի:

Հետաքրքրական պատմական հայկական դրուագ կայ կապուած Սուրբ Սոֆիայի տաճարին հետ։ Ըստ Wikipedia-ի՝ «989 թուականի Հոկտեմբեր 25-ի մեծ երկրաշարժէն ետք, որուն իբրեւ արդիւնք փլուզուած է արեւմտեան գմբէթին կամարը, կայսր Վասիլ Բ-ն խնդրած է հայ ճարտարապետ Տրդատէն, որ Անիի եւ Արկինայի տաճարներու ստեղծողն է, ղեկավարելու վերանորոգման աշխատանքները․․․․ Հասցուած վնասը այնքան մեծ էր, որ պահանջուած է վեց տարի վերանորոգման եւ վերակառուցման համար. եկեղեցին վերաբացուած է 994 թ․ Մայիս 13-ին»:

Կ՝ուզենք եզրափակել՝ մեր յոյն բարեկամներուն վստահեցնելով, որ Հայոց պատրիարքի տհաճ յայտարարութիւնը չի ներկայացներ հայ ժողովուրդին ցանկութիւնները:

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

yerakouyn.com/2020/06/17/հայոց-պատրիարքը-կ՝առաջարկէ-յունական/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail