Լիպիոյ Մէջ ՄԱԿ-ի Հովանաւորած Հոլովոյթը Ամրապնդելու Կարեւորութեան Շուրջ` Մերքել-Էրտողան Համաձայնութիւն
17 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերը յայտնեց, թէ Անկելա Մերքել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցած է տեսաժողով մը, որուն ընթացքին քննարկուած է Լիպիոյ եւ Միջին Արեւելքի կացութիւնը:
«Մերքել եւ Էրտողան համաձայնեցան Լիպիոյ մէջ քաղաքական լուծման հասնելու ՄԱԿ-ի հովանաւորած խաղաղութեան հոլովոյթը ամրապնդելու կարեւորութեան շուրջ», նշեց ան:
Մինչ այդ` Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Օմար Չելիք յայտնեց. «Թուրքիան կը կանգնի Ֆայեզ Սարաժի կառավարութեան եւ մեր լիպիացի եղբայրներուն կողքին, եւ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ցուցմունքով անոնց թէ՛ զինուորական, թէ՛ այլ աջակցութիւն պիտի տրամադրուի»:
«Թուրքիան Միջերկրական ծովուն եզրին պետութիւն մըն է եւ պէտք է պաշտպանէ տարածաշրջանի իր շահերը», նշեց Չելիք:
aztagdaily.com/archives/475389