Թուրքիան Օդային Հարուածներ Հասցուցած Է Իրաքի Եզիտիական Տարածքներուն

Թուրքիան Օդային Հարուածներ Հասցուցած Է Իրաքի Եզիտիական Տարածքներուն

Թուրքիան Օդային Հարուածներ Հասցուցած Է Իրաքի Եզիտիական Տարածքներուն

17 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Թուրքիան շարք մը օդային հարուածներ հասցուցած է Հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դիրքերուն: Օդային հարուածները հասցուած են Սինժար լերան վրայ գտնուող տարածքի մը, ուր կը բնակի եզիտիներու փոքրամասնութիւնը, եւ ուր 2014 թուականին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գործուած է եզիտիներու ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը:

Տարածքը կարելի չէ եղած վերականգնել` թրքական օդուժի մնայուն սպառնալիքներու եւ զինեալ խումբերու, ապստամբներու եւ անցակէտներու գոյութեան պատճառով:

Իսրայէլեան օրաթերթը կը գրէ, թէ 2014 թուականին ՔԱԿ-ը Սինժարի մօտ կը կռուէր ՏԱՀԵՇ-ի դէմ եւ, հակառակ այն իրողութեան որ Թուրքիան ՔԱԿ-ը «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» կը կոչէր, ՔԱԿ-ի կառոյցները երբեք յարձակում չեն գործած Թուրքիոյ վրայ:

Թէ ինչո՛ւ Թուրքիան հիմա գործած է զանգուածային օդային հարուածներ, անյայտ է: Վերջերս Թուրքիոյ վրայ յարձակումներ տեղի չեն ունեցած, եւ Անգարան երբեք ապացոյց չէ ներկայացուցած, թէ հիմնականին մէջ ամէնէն աղքատ իրաքցիներէն եւ փոքրամասնութիւններէ բաղկացած Սինժարի խմբաւորումները, որոնք կը բնակին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ ոչնչացուած գիւղերուն մէջ, սպառնալիք կը ներկայացնեն:

Թուրքիան նաեւ օդային հարուածներ հասցուցած է Մահմուրի մէջ գտնուող քիւրտ գաղթակայանին: Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը գործողութիւնը կը կոչէ «Արծիւի մագիլ» եւ յայտարարած է, որ հարուած ստացած թիրախներուն թիւը հասած է 81-ի:

Ասիկա 2014 թուականէն` ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ յարձակումէն ի վեր Սինժարի դէմ եղած մեծագոյն յարձակումն է:

Իրաքի զինեալ ուժերու միացեալ հրամանատարութիւնը դատապարտեց Թուրքիոյ գործողութիւնը` յայտարարելով. «Մենք կը ցաւինք, որ թրքական օդանաւերը ներխուժած են Իրաքի օդային տարածք»:

Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Թուրքիոյ յարձակումները կը նկարագրուին սադրիչ, իսկ օդային տարածքի խախտումը կը նկատուի Իրաքի գերիշխանութեան խախտում:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ֆաթեհ Եըլտըզը եւ անոր փոխանցած հիւսիսային Իրաքի շրջաններու դէմ թրքական ռմբակոծման հարցով բողոքագիր մը:

Թուրքիան Օդային Հարուածներ Հասցուցած Է Իրաքի Եզիտիական Տարածքներուն

aztagdaily.com/archives/475388

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail