Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ

Մոսկուայի Մէջ` Լաւրով-Զարիֆ Հանդիպում

Մոսկուայի Մէջ` Լաւրով-Զարիֆ Հանդիպում

17 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Մոսկուայի Մէջ` Լաւրով-Զարիֆ Հանդիպում

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Զարիֆ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը մտահոգ է Սուրիոյ զարգացումներով` մատնանշելով «Դամասկոսի վրայ յաւելեալ տնտեսական ճնշումներ բանեցնելու Ուաշինկթընի» փորձերը եւ աւելցնելով. «Ուաշինկթըն ամէն ինչ ըրաւ Սուրիոյ կայունութիւնը քայքայելու համար»:

Ան հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մենք` Ռուսիան ու Թուրքիան, կ՛աջակցինք Ասթանայի հոլովոյթին եւ մօտ օրէն միացեալ հանդիպում մը պիտի ունենանք»` նշելով, որ Թեհրան եւ Մոսկուա Աֆղանիստանի վերաբերեալ համահունչ պատկերացում ունին:

«Միացեալ Նահանգներ հիւլէական համաձայնութենէն իրենց դուրս գալէն ետք բոլոր միջոցները կ՛օգտագործեն Իրանի վրայ ճնշում բանեցնելու համար, եւ ատիկա անընդունելի է», աւելցուց Զարիֆ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին ըսաւ. «Ռուսիան դէմ պիտի դնէ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Համապարփակ միացեալ աշխատանքի ծրագիրը ականահարելու եւ Իրանին նկատմամբ թշնամական ծրագիրներ յառաջ մղելու որեւէ փորձի»:

Լաւրով դիտել տուաւ, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի տնտեսական ու ուժանիւթային ոլորտին մէջ յարաբերութիւնները կը զարգանան` մերժելով Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները, որոնք կը հակասեն միջազգային կանոններուն:

Ան ողջունեց Թեհրանի հետ առեւտրական յարաբերութիւններու ընդլայնումը` աւելցնելով. «Մանրամասն կերպով քննարկեցինք հիւլէական թղթածրարը եւ զայն պահպանելու կարեւորութիւնը»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Սուրիոյ վերակառուցման եւ այդ երկրին մէջ տեղահանուածներուն օժանդակելու հարցը նաեւ Չինաստանին ու մնացեալ երկիրներուն կոչ ուղղուած է` Իրանի հետ գործակցելու:

Լաւրով ըսաւ, որ Մոսկուան «Իրանի զէնքի մատակարարման արգելքի երկարաձգումը օրինական չի նկատեր», եւ իր ամբողջ ջանքը պիտի գործադրէ զայն զինաթափելու` նշելով. «Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան Իրանի շուրջ զեկուցումը լրատուամիջոցներուն սպրդեցաւ, ինչ որ մէկէ աւելի անգամ կրկնուեցաւ եւ անընդունելի է»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ասթանայի հոլովոյթի յաջորդ վեհաժողովը հետագային պիտի գումարուի Թեհրանի մէջ: «Մենք կը զօրակցինք Լիպիոյ մէջ քաղաքական լուծումին, եւ ներքին բոլոր կողմերը պէտք է մասնակցին քննարկումներուն», նշեց Լաւրով:

Ան յայտնեց նաեւ, որ Թեհրանի մէջ Ասթանայի հոլովոյթին շուրջ վեհաժողովէն առաջ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ եռակողմանի տեսաժողով մը պիտի գումարուի:

Մոսկուայի Մէջ` Լաւրով-Զարիֆ Հանդիպում

aztagdaily.com/archives/475390

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail