ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ժամանակն է անհրաժեշտ դասերը քաղելու հայ ժողովուրդի «օրինապահ» ու ծառայամիտ համակերպումի ժամանակաշրջանը

ժամանակն է անհրաժեշտ դասերը քաղելու հայ ժողովուրդի «օրինապահ» ու ծառայամիտ համակերպումի ժամանակաշրջանը վերջնականապէս փակած 1896ի Վանի զինեալ ինքնապաշտպանութենէն

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ժամանակն է անհրաժեշտ դասերը քաղելու հայ ժողովուրդի «օրինապահ» ու ծառայամիտ համակերպումի ժամանակաշրջանը վերջնականապէս փակած 1896ի Վանի զինեալ ինքնապաշտպանութենէն

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

ժամանակն է անհրաժեշտ դասերը քաղելու հայ ժողովուրդի «օրինապահ» ու ծառայամիտ համակերպումի ժամանակաշրջանը վերջնականապէս փակած 1896ի Վանի զինեալ ինքնապաշտպանութենէն

16 Յունիս 2020

Ն. Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ Յունիս 16ի այս օրը, 124 տարի առաջ, Վանի հայոց ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ կողմէ մեր ժողովուրդին կտակ յանձնուած ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԱՒԱՆԴԻՆ։

Յուշատետրի այսօրուան փոստը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցած է «Վանի 1896ի Մեծ Կռիւ»ը՝ արժեւորման լուսարձակի տակ առնելով հայ յեղափոխական երեք կուսակցութեանց – Արմենական, Հնչակեան, Դաշնակցական – ՄԱՐՏԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ միացեալ զինեալ ծառացումը ԿԱՐՄԻՐ ՍՈՒԼԹԱՆԻՆ հայասպան վոհմակներուն դէմ։

Բարի լոյս՝ Վանի 1896ի զինեալ ինքնապաշտպանութեան մէջ նաեւ մեր օրերուն համար ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ԴԱՍԵՐ ՔԱՂԵԼՈՒ յանձնառութեան, որուն փաստօրէն կռնակ դարձուցած են Հայաստանի եւ Հայութեան այսօրուան երթը ներքին հակամարտութիւններով ջլատել փորձող ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԹՈՌԱՄՈԼՆԵՐԸ։

124 տարի առաջ Վանի հայոց ազգային-հոգեւորական իշխանութիւնները 1500 զինեալ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱՑՈՒՑԻՆ Վանէն, որպէսզի եւրոպական դիւանագիտութեան՝ Վանի մէջ գործող Ֆրանսական, Անգլիական եւ Ռուսական հիւպատոսութեանց խորհուրդներուն հետեւելով, իբր թէ հանգիստ շունչ քաշեն ՀԱՄԻՏԻ ԱՐԻՒՆԱԼԻ ԼՈՒԾԷՆ։

Իբր թէ քաղաքական «ողջմտութենէ» թելադրուած այդ մօտեցումը ի վերջոյ ծառայեց դաշնակցական ՊԵՏՕի, հնչակեան ՄԱՐՏԻԿի եւ արմենական ԱՒԵՏԻՍԵԱՆի գլխաւորած 1500 ՀԱՅ ՔԱՋԵՐՈՒ մաս առ մաս ոչնչացումին՝ Վանի հայութիւնը վերստին ենթարկելով Սուլթան Համիտի վարած Հայաստանի հայաթափման քաղաքականութեան․․․

Բարի լոյս՝ հայոց պատմութենէն անհրաժեշտ դասերը քաղելով, այսօր, ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ նուիրուած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆՈՐՕՐԵԱՅ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք լծուած են մեր ժողովուրդին նուաճած ոչ-բռնի ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆը ամէն կարգի ոտնձգութեանց եւ կաշկանդումներու դէմ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ։

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հարենիքի ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՌՈՒԱՆՆԵՐԸ ոգի ի բռին պաշտպանող ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՈՒԺԻՆ, որ համավարակի դէմ ծանր ու մաշեցնող պայքարի պայմաններուն մէջ՝ ստիպուած է դիմագրաւելու ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆը Ռուսաստանի կայսերապետական ուժերուն ձեռքը խաղալիք դարձած Հ․Հ․ երեսնամեայ իշխանութեանց պաշտօնազուրկ «ղեկավարներուն»․․․

Բարի լոյս՝ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻ անփոխարինելի երաշխիքը սեփական ժողովուրդի ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ մէջ գտնող եւ, ամէն կարգի ներքին սադրանքներու դէմ, ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԱՄՐՈՑԸ ԱՆԱՌԻԿ ՊԱՀՈՂ հայ քաղաքական մտքի ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ։

Ի վերջոյ Յունիս 16ի օրով մտահան կարելի չէ ընել, որ հայ ժողովուրդը շատոնց փակած է․․․ «օրինապահ» ու ծառայամիտ համակերպումի ժամանակաշրջանը։

Վանի քաղաքամէջը՝ 1900ի սկիզբը եւ 1956ին

ժամանակն է անհրաժեշտ դասերը քաղելու հայ ժողովուրդի «օրինապահ» ու ծառայամիտ համակերպումի ժամանակաշրջանը վերջնականապէս փակած 1896ի Վանի զինեալ ինքնապաշտպանութենէն

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail