ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Անդրադարձ – Թրքական Գործօնը – Թրքական Գործօնը – Թրքական Գործօնը – Թրքական Գործօնը

Թրքական Գործօնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Անդրադարձ – Թրքական Գործօնը – Թրքական Գործօնը – Թրքական Գործօնը – Թրքական Գործօնը

18 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանէն 10 յունիսին ուղղակի սփռուած, Թուրքիոյ եւ անոր նախագահին շրջանային քաղաքականութիւնը քննադատած զրոյց¬յայտագիրի մը ընթացքին ու անկէ ետք լիբանանահայութեան հասցէին բացայայտ սպառնալիքներ եւ բռնարարքներու կոչեր հրապարակուեցան ընկերային ցանցերու վրայ: Մէկ օր ետք, նշեալ պատկերասփիւռի կայանին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին թրքական դրօշներ բարձրացուցած ցուցարարները հակահայ բացագանչութիւններ արձակեցին: Ասիկա Լիբանանի մէջ «թրքական ինքնութեան վարկաբեկման» դէմ կազմակերպուած առաջին հակազդեցութիւնը չէր:

Արդարեւ, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը 26 ապրիլ 2019-ին դատապարտեց նոյն տարուան 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման քայլարշաւի ընթացին թրքական դրօշի հրկիզումը եւ պահանջեց այդ արարքի պատասխանատուներուն դէմ կիրարկել անհրաժեշտ արդարադատական քայլերը: 28 ապրիլ 2019-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ թրքական դրօշներով մոթորսիքլեթներու երթ մը, որ կազմակերպուած էր Ազգային պատկանելիութիւն անունով անծանօթ կուսակցութեան մը կողմէ: Երթին մասնակիցները կը վանկարկէին Էրտողանի անունը:

Առաջին անգամը չէր, որ ապրիլ 24-ին Լիբանանի մէջ թրքական դրօշ կը հրկիզուէր, սակայն թրքական դեսպանատունը, որ ընդհանրապէս քար լռութիւն կը պահէր եւ կրաւորական կեցուածք կ՛որդեգրէր, յանկարծ աշխուժացաւ` 2 օր ուշացումով: Ուշացում մը, որ կու գար վկայելու, թէ դեսպանատան աւանդական կեցուածքէն այդ շեղումին պատճառը լիբանանահայութեան բազմամարդ ցոյցին մասին դեսպանատունէն ուղարկուած զեկուցումէն ետք Անգարայէն ուղղուած ցուցմունք մըն է: Ինչ կը վերաբերի կիրակի օր, 24 ապրիլէն 4 օր ետք, թրքական դրօշին նկատմամբ «նախանձախնդրութեան» ուշացած արտայայտման երեւոյթին, ապա այդ յապաղումը եւս վկայութիւն մըն էր, որ երթը ոչ թէ ինքնեկ ու անկեղծ զգացումի մը արտացոլումն էր, այլ` ցուցմունքի մը գործադրումն ու կազմակերպուած ըլլալուն հաստատումը:

Օրեր առաջ նոյն բեմագրութիւնը կրկնուեցաւ. գործի լծուեցաւ անծանօթ կազմակերպութիւն մը, ցոյց կատարուեցաւ, թրքական դեսպանատունն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոք ներկայացուցին:

Թուրքիոյ պետութիւնը անցնող շուրջ տասը տարիներուն ձեռնարկեց Լիբանանի մէջ ընկերային եւ կրթական ծառայութիւններու մատակարարումով եւ լիբանանեան կարգ մը շրջաններու մէջ գտնուող թուրքմեններու եւ ծագումով թուրքերու կազմակերպումով Լիբանանի մէջ իրեն հաւատարիմ ժողովրդային ենթահողի մը` Լիբանանի մէջ թրքական գործօնի պատրաստման աշխատանքին: Այժմ կը թուի, թէ թրքական իշխանութիւնները համոզուած են, թէ այդ աշխատանքը բաւարար ճամբայ կտրած է եւ բաւական հասունցած, եւ կարելի է այդ խաղաքարտը օգտագործել` երկրին մէջ իր նպատակներուն իրագործման համար:

Թուրքիոյ Լիբանանի սիւննի համայնք ներթափանցելու քայլը նախ եւ առաջ պէտք է մտահոգէ Լիբանանի մէջ սիւննիներու աւանդական հովանաւորները` Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները: Թուրքիան տարիներու ընթացքին նշեալ երկիրներէն եւ Լիբանանի սիւննի ղեկավարներէն այս կամ այն պատճառով յուսախաբուած տարրերը սիրաշահելով կը փորձէ անոնց ոտքին տակէն գորգը քիչ¬քիչ քաշել:

Թուրքիան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանէն 10 յունիսին արձանագրուած «դէպքը» իբրեւ պատրուակ օգտագործեց` դիմելու համար իր գործակատարներուն միջոցով լիբանանահայութեան եւ սիւննի համայնքին միջեւ շինծու լարուածութիւն ստեղծելու քայլին, որպէսզի հետագային իր իսկ ստեղծած խնդիրին մէջ ստանձնէ սիւննիներու պաշտպան սպիտակ ձիաւոր ասպետի դերը, եւ այդ համայնքի աւանդական հովանաւորները դնէ թերացողի ոչ բարենպաստ կացութեան մէջ:

Լիբանանահայութիւնը իր զսպուածութեամբ եւ հաւասարակշռուած կեցուածքով ձախողութեան մատնեց թրքական սադրանքի փորձը, որ սակայն վերջինը պիտի չըլլայ: Ուստի իւրաքանչիւր հայ պէտք է այսուհետեւ լրջօրէն նկատի ունենայ Լիբանանի մէջ թրքական գործօնի գոյութիւնը եւ զգուշանայ սադրանքի մէջ ներքաշուելէ ու զգացական բնական, արդարացի, սակայն ոչ նպատակայարմար պոռթկումներով թշնամիին ջաղացքին ջուր լեցնելէ եւ իր հակազդեցութեամբ անոր ձեռնարկած հակահայ քարոզչութեան նիւթ տրամադրելէ:

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – Dépouilles d’Arméniens au cimetière d’Erzeroum, 1895

yerakouyn.com/2020/06/18/անդրադարձ-թրքական-գործօնը/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail