Հայաստանը Չի Կրնար Անտարբեր Մնալ Լիբանանահայ Համայնքի Խնդիրներուն Նկատմամբ. Մնացականեան

Հայաստանի ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան

Հայաստանը Չի Կրնար Անտարբեր Մնալ Լիբանանահայ Համայնքի Խնդիրներուն Նկատմամբ. Մնացականեան

18 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

LES FORCES MILITAIRES OTTOMANES CONDUISENT DES HOMMES ARMÉNIENS VERS UN LIEU D’EXÉCUTION EN DEHORS DE LA VILLE DE KHARPOUT. Empire ottoman, mars-juin 1915.

Հայաստան չի կրնար անտարբեր մնալ լիբանանահայ համայնքի խնդիրներուն նկատմամբ եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան միջոցով մնայուն կապի մէջ է համայնքային բոլոր կառոյցներուն հետ:

Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան անդամներուն հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ պատասխանելով “Լուսաւոր Հայաստան” խմբակցութեան պատգամաւոր Տարօն Սիմոնեանի հարցումին:

Տարօն Սիմոնեան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի հայ համայնքը բաւականին լուրջ խնդիրներու դէմ յանդիման կը գտնուի, Լիբանանի մէջ կայ շատ լուրջ տնտեսական ճգնաժամ: Ան ուզեց գիտնալ, թէ արդեօք Հայաստան այս առնչութեամբ որեւէ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ՞ լիբանանահայ համայնքին:

«Հայաստանը չի կրնար անտարբեր մնալ լիբանանահայ համայնքի խնդիրներուն նկատմամբ, մեր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան միջոցով մնայուն կապի մէջ ենք համայնքային բոլոր կառոյցներուն հետ եւ պիտի շարունակենք այդ երկխօսութիւնը, պիտի շարունակենք հետեւիլ հետագայ զարգացումներուն: Լիբանանահայ մեր հայրենակիցներուն ընկերային-տնտեսական վիճակը, ընդհանուր առմամբ, իրապէս բաւականին ճգնաժամային է: Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ հայրենիքը իւրաքանչիւր հայու, որ կ՛ընտրէ ապրիլ Հայաստանի մէջ: Այդ առումով մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ եւ պատրաստել այն անհրաժեշտ հիմքը, որ կարելիութիւն կու տայ արձագանգելու»,- ըսաւ նախարարը եւ նշեց, թէ անմիջական օգնութեան առումով անդրադարձ պիտի կատարուի, երբ աւելի յստակ դառնայ ամէն բան:

Պատգամաւորը նշեց, որ Լիբանանի մէջ հակահայ տրամադրութիւններ կը քաջալերուին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ` հետաքրքրուելով, թէ ի՞նչ է այս մասին նախարարին տեսակէտը:

Մնացականեան պատասխանեց` ատելութեան խօսքի իւրաքանչիւր նշանակալի դրսեւորում առանձնայատուկ մտահոգութեան տեղիք կու տայ: «Կրօնական, ցեղային խտրականութիւն ու ատելութիւն բովանդակող որեւէ խօսք սպառնալիք կը ներկայացնէ նախ եւ առաջ բարեկամ Լիբանանի ներքին կայունութեան, պետական կառուցուածքին եւ հասարակական համակեցութեան հիմնարար արժէքներուն համար: Վստահ ենք, որ Լիբանանի կառավարութիւնը եւ հանրութիւնը եւ ո՛չ միայն լիբանանահայութիւնը, խստօրէն պիտի հակազդեն նման որեւէ դրսեւորումներու»,- ըսաւ Մնացականեան:

place des martyrs liban

yerakouyn.com/2020/06/18/հայաստանը-չի-կրնար-անտարբեր-մնալ-լիբա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail