Փաշինեան Ալիեւին Կոչ Ուղղեց` Ցուցաբերելու Կառուցողական Մօտեցում Եւ Համաձայն Գտնուելու Իր Բանաձեւին Հետ
18 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալեւին անգամ մը եւս կոչ ուղղեց համաձայնելու իր այն բանաձեւին հետ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ Արցախի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն համար:
Փաշինեան այս արտայայտութիւնը ունեցաւ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին` «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Տաթեւիկ Հայրապետեանի հարցումին ի պատասխան:
Անդրադառնալով Ազրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութեան` վարչապետը նշեց, որ հայ ժողովուրդը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը վախերու պրիսմակով ընկալելու սովորութիւն չունի:
Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց, որ բացառուած է որեւէ սպառնալիքի ներքեւ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակցային բովանդակութիւն պարտադրել:
aztagdaily.com/archives/475461