Արաբական Լիկա. «Լիպիոյ, Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Թրքական Միջամտութիւնը Մերժելի Եւ Դատապարտելի Է»

Արաբական Լիկա. «Լիպիոյ, Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Թրքական Միջամտութիւնը Մերժելի Եւ Դատապարտելի Է»

Արաբական Լիկա. «Լիպիոյ, Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Թրքական Միջամտութիւնը Մերժելի Եւ Դատապարտելի Է»

18 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զաքի «Շարք Աուսաթ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ արաբական հարցերուն մէջ Թուրքիոյ միջամտութիւնը եւ զինեալներ ու ահաբեկիչներ լիպիական հողեր փոխադրելը արաբական գետնի վրայ մերժելի եւ դատապարտելի են:

Ան նշեց, որ Թուրքիան Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան հետ իր համաձայնութեան ետին կը թաքնուի տնտեսական, քաղաքական եւ զինուորական շահեր իրագործելու համար:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնականը ողջունեց Լիպիոյ տագնապի լուծման համար Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` «Գահիրէի յայտարարութիւն» անունով ծանօթ նախաձեռնութիւնը, որ տագնապի քաղաքական լուծման առիթ կ՛ընծայէ:

Ան նշեց, որ Արաբական լիկան կ՛ողջունէ եւ կը գնահատէ այդ նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ ինք միւս ճամբարին` Լիպիոյ համաձայնական կառավարութեան կոչ ուղղած է դրական ընկալելու այդ նախաձեռնութիւնը:

Պատասխանելով Լիպիոյ մէջ թրքական միջամտութեան արաբական ազգային անվտանգութեան վրայ ազդեցութեան մասին հարցումի մը` Զաքի յայտնեց, որ այս հարցով Արաբական լիկայի կեցուածքը յստակ է եւ կը բխի արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 4 մարտին որդեգրած եւ արաբական հարցերուն մէջ թրքական միջամտութիւնը դատապարտող որոշումէն:

«Թուրքերը սկսած են կապկել արաբական աշխարհին մէջ իրանցիներուն ընթացքն ու գործելաոճը, այսինքն` լաւապէս կը շահագործեն տագնապները, միլիսներ կը կազմեն, պետութենէն դուրս եղող բոլոր կողմերուն կը զօրակցին, կ՛աջակցին պետութեան դէմ գործող կողմերուն, համայնքները իրարու դէմ կը լարեն, սադրանք եւ տարակարծութիւն կը հրահրեն, եւ այդ բոլոր հարցերը արաբական աշխարհը թէ՛ ներքին, թէ՛ շրջանային տեսակէտէ տագնապի բեմի կը վերածեն», ըսաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնականը:

Génocide perpétré par l’Empire ottoman, aujourd’hui la Turquie – génocide arménien-erzeroum-1895-lesalonbeige.fr

aztagdaily.com/archives/475495

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail