Մարք Յարութիւնեան – Ազատ Աշխարհը, 1453-ին, Անկէ Ի Վեր Եւ Այսօր, Իր Կամաւոր Կուրութեան Համար Սուղ Կը Վճարէ
19 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Մարք Յարութիւնեան
Առաջին Աշխարհամարտի օրերուն, Պոլսոյ մէջ Ամերիկայի դեսպան Հանրի Մորկանթաուի տարազումը Թուրքիոյ մասին շատ յատկանշական է իր յուշերուն մէջ, է նաեւ այսօր: Ան ըսած էր, որ Թուրքիա «քաղաքական աւազակ մըն է»: Եւրոպան, Ամերիկաները, Արաբները, Ռուսիան եւ բոլոր միւս երկիրները այս գիտեն, բայց քաղաքականութիւնը, միշտ առաջնորդուելով էապէս պատեհապաշտութեամբ եւ պատեհապաշտներու օրէնք եւ արժէք դաւանող եւ միաժամանակ զանոնք մերժող աշխարհի մը մէջ, կը խցկուի հակասութիւններու մէջ, եւ ղեկավարներ իրականութիւնները չեն ուզեր տեսնել՝ կամաւոր կուրութեամբ:
Ինչե՜ր ըսուած եւ գրուած են արդարացնելու կամ բացատրելու համար երկիրներու առաջնորդներու նահանջականութիւնը թրքական մնայուն յարձակապաշտութեան եւ շահախնդրութիւններուն դիմաց, հակառակ իրենց դաւանած բարոյական սկզբունքներուն, երբ հարցը վերաբերած է Թուրքիոյ, ամէնքն ալ ծալած են սկզբունքները եւ անոնց վրայ նստած: Օրինակ, Թուրքիան եւ իր նախագահը, սուրիական պատերազմի եւ ՏԱՀԷՇի գրաւած Տէր Զօրի նաւթահորերու գրաւման օրերուն, նաւթի ապօրինի առեւտուր ըրաւ, Ատլանտեան Ուխտի իր զինակիցները այդ գիտէին, գիտէր նաեւ Ռուսիան, բայց երկու կողմերն հանդուրժեցին: Յիշել Հանրի Մորկանթաուի բնորոշումը:
Անցեալ դարու կէսէն մինչեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը, այսինքն պաղ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, իր ըսածին հաւատալով կամ ոչ, այսպէս կոչուած Արեւմուտքը, ազատ աշխարհը, շեփորեց, որ Թուրքիան իր կարեւոր գործակիցն էր: Մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգները, զինեց Թուրքիան խորհրդային վտանգին դէմ եւ լիաբուռն օժանդակութիւն ըրաւ, այն տրամաբանութեամբ, որ Խորհրդային Միութեան կովկասեան սահմաններուն վրայ Թուրքիան կը գտնուէր առաջին գիծի վրայ, հետեւաբար՝ կ’երաշխաւորէր Եւրոպայի եւ ընդհանուր հասկացողութեամբ Արեւմուտքի սահմանները: Գիտակցուա՞ծ միամտութիւն:
Արեւմուտքը կարծէք չէ ըմբռնած ժամանակակից Թուրքիոյ ստեղծման նիւթաբարոյական պայմանները, որոնք, եթէ ճիշդ գնահատուէին եւ գնահատուին, տրամագծօրէն հակառակ դիրքի վրայ կը գտնուին նոյն Արեւմուտքի դաւանած արժէհամակարգին (ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունքներ, օրէնքի գերակայութիւն, խօսքի ազատութիւն, եւայլն): Երիտթուրքերը հրապարակ եկան Թուրքիան արդիականացնելու շլացնող կարգախօսով, եւ առաջին հերթին ձեռնարկեցին ցեղային միատեսակութեան ստեղծման, այսօր կ’ըսենք՝ ցեղային զտում, ethnic purification , գործելով ցեղասպանութիւն: Արդիւնքը այսօրուան Թուրքիան է, եւ Մարդկային Իրաւանց եւ Մարդկութեան դէմ ոճիրը դատապարտող աղմկարարները, առանց բարձրաձայն ըսելու, բայց իրողապէս, ընդունած են կատարուած իրողութեան կացութիւնը, ինչ որ հաւասար է մեղսակցութեան կամ վատութեան:
Այսօր կը պատահի նոյնը:
Այսօր պէտք է լսել թիւերու լեզուն: Առաջին աշխարհամարտէն առաջ, Թուրքիոյ բնակչութեան մէկ երրորդը ոչ-թուրքեր էին, այդ հողերու նախկին բնակիչները, թրքական բռնագրաւող ուժերու ներխուժումէն առաջ հոն ապրող այդ աշխարհի տէրերը: Բազմացեղ օսմանեան կայսրութիւնը փոխարինած եւ միապաղաղ դարձած Թուրքիան այլեւս բազմացեղ չէ: Թրքութիւնը, կրօնական հասարակ յայտարարի վրայ, ինքզինք պարտադրած է, ինչ որ դեռ Լոզանի դաշնագրով կը կոչէին փոքրամասնութիւններ, գրեթէ անտեսանելի դարձած են: Միակ խնդիրը, որ դեռ չէ հարթուած, քրտական ազատագրական շարժումն է:
Այսօր, Թուրքիա թեւակոխած է քաղաքական-ծաւալապաշտական նոր հանգրուան, Էրտողանի իշխանութեան տիրացումով: Եթէ քեմալական Թուրքիան ազգայնականութեան վրայ կառուցուած էր, այլ տարերու մերժումով,- պէտք է յիշել ինչ որ կը սորվեցնէին դպրոցներու մէջ, «երանի անոր որ կ’ըսէ թուրք եմ»,- այսօր Էրտողան ազգայնականութեան կը միացնէ կրօնական հասարակ յայտարարը: Այս կը կատարուի երեւութապէս ժողովրդավարական բայց միակուսակացական դրութեան մը մէջ: Էրտողան մահմետական հաւատացեալներու ամբողջութեան կ’ուզէ տէր դառնալ, որպէսզի վերականգնէ Խալիֆայութիւնը: Այս կը նշանակէ, որ Էրտողան, իր կայսերական մականին տակ կ’ուզէ խմբել բոլոր մահմետականները, արաբները, Եգիպտոսը, Թունուզը, Ալճերիան, Սուրիան, Իրաքը, թաթարները, ույղուրները, իւզպէքները: Այս ընելու համար չի վարանիր նոյնիսկ սպառնալու Ռուսիոյ, ուր ապրող քսանհինգ միլիոն իսլամներուն տիրութիւն կ’ուզէ ընել, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել, ան կը ձգտի թրքական տիրապետութիւն հաստատել բոլորին վրայ: Այս միտումով, ան ուզեց ներկայ ըլլալ «արաբական գարուն» շարժումներուն մէջ, օժանդակել ժողովրդվարութեան հաստատման, նպատակադրելով ստեղծումը տեղական «Արդարութիւն եւ Զարգացում» (AKP) կուսակցութիւններու, որպէսզի անոնք տիրանան քաղաքական իշխանութեան: Եգիպտոս խուսափեցաւ այս վտանգէն, բանակի միջամտութեամբ, ընդդէմ իսլամական ծայրայեղութեան:
Սուրիան եւ Լիպիան չգտնուեցան արաբական գարուն շարժման մէջ: Սուրիոյ մէջ ազգայնական ուժեր եւ ըմբոստներ հակադրուեցան իրարու, արտաքին ուժեր զօրակցեցան կողմերուն: Բայց մանաւանդ Թուրքիան, օգտուելով խառնակ կացութենէն, օժանդակեց, որպէսզի երկու երկիրներու մէջ ազգային գերիշխանութիւնը խախտի, եւ օգտուելով առիթէն, ինք տարածէ իր ազդեցութիւնը: Այս քաղաքականութեան ետին, ի հարկէ կայ ծաւալապաշտական ախորժակը, բայց կայ մանաւանդ նաւթի եւ կազի աղբիւրներու տիրանալու ցանկութիւնը, սուրիական եւ իրաքեան նաւթը, արեւելեան Միջերկրականի մէջ յայտնաբերուող բնական կազի հանքերը:
Աւելի պարզ խօսելով, քաղաքական գործիչը, կռուախնձոր դարձած աշխարհագրական շրջաններու ղեկավարութիւնները, եւ ընդհանրապէս միջազգային համայնքը (Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդը, Ատլանտեան Ուխտը եւ Եւրոմիութիւնը) իրապէս եւ անկեղծ ճիգ պէտք է ընէ հասկնալու Թուրքիոյ նախագահին եւ իր ազգայնամոլ-կրօնամոլ կուսակցութեան (AKP) հետապնդած նպատակները:
Խալիֆայութիւն ստեղծելու հետամուտ Ռեչէփ Էրտողան կը միտի արաբական աշխարհին վրայ տարածել իր ազդեցութիւնը: Ի վերջոյ, տրամաբանութիւնը պարզ է. այդ աշխարհը Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէր: Դար մը առաջ ցեղասպանութեամբ եւ հայրենահանումով ճզմելէ ետք հայկական հարցը, Թուրքիա այսօր կը ձգտի վերջնականապէս լուծել քրտական հարցը: Հոս փակագիծ մը պէտք է բանալ, հասկնալու համար Էրտողանի համաթուրանական քաղաքականութիւնը, առաջին հերթին ան պէտք է հասկնայ արաբական աշխարհը: Իսլամութիւնը միջոց է համաթրքական քաղաքականութեան համար: Եթէ իրապէս իսլամութիւնը ներշնչող ըլլար, ինչո՞ւ պիտի հալածուէին քիւրտերը, որոնք մահմետական են: Հայը եւ յոյնը՝ երէկ, քիւրտը՝ այսօր, արաբը՝ վաղը, համաթրքական քաղաքականութեան իրականցման խոչնդոտ էին եւ են: Հարկ է կրկնել. Թուրքիա շահագրգռուած է լիպիական նաւթով եւ համաձայնութիւն կնքած է Թրիփոլիի (Լիպիա) իշխանութիւններուն հետ, կ’օժանդակէ զինուորապէս, հակառակ անոր որ անոնք չունին երկրի մեծ մասին հակակշիռը: Այդ օժանդակութեան փոխարէն ստացած է հահակշիռը լիպիական ծովեզերեայ շրջաներէն մէկ մասին, ուր, ըստ նախատեսութիւններու, կան կազի հանքեր:
Միջազգային համայնքի եւ մանաւանդ «մեծ»երու անտարբեր-մեղսակից կեցուածքը Թուրքիոյ նոր սանձարձակութիւններուն դիմաց զարմացնող է, չըսելու համար երկչոտութիւն: Թէեւ այդպէս եղած է միշտ պատմութեան ընթացքին: Յիշեցման համար ըսենք, որ անպատժելիութեան վարժութիւն ունեցող Թուրքիան, Կիպրոսի ծովային սահմանները ղրկեց յատկանշական անունով նաւ մը, Ֆաթիհ, Նուաճող, հորահատումներ ընելու: 1974էն ի վեր, անգիտանալով օրէնք եւ իրաւունք, Թուրքիա գրաւման տակ կը պահէ Կիպրոսի հիւսիսային մասը:
Եւրոպան, Ամերիկան, արաբական աշխարհը, կրաւորականութեամբ կը հետեւին դէպքերու ընթացքին: Այս պատճառով ալ Թուրքիան անարգել կրնայ շարունակել ճիշդ բանաձեւումով իր նուաճողական քաղաքականութիւնը: Եւրոպական Միութիւնը դատարկ խօսքէն անդին չանցաւ իր անդամ երկրի՝ Կիպրոսի Հանրապետութեան մէկ մասի՝ զինուորական գրաւման դէմ:
Միջազգային համայնքի վերաբերումին մէջ տեղ մը բան մը սխալ է: Աւելի կը խօսին ռուսական կամ ամերիկեան վտանգներու մասին, երբ բացորոշ կերպով Թուրքիա կը վարէ ռազմապաշտ եւ ծաւալապաշտ քաղաքականութիւն, ոչ միայն բանիւ, այլ նաեւ գործով:
Իսկ եթէ ծաւալի այդ յարձակապաշտութիւնը, դառնայ ապակայունացնող Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ համար, ի՞նչ կը կարծենք որ պիտի պատահի: Անոնք պիտի պատերազմի՞ն իրենց զինած Թուրքիոյ դէմ, պիտի պառակտուի՞ն, ըլլա՞ն թեր եւ դէմ: Սեւ նախատեսութիւններու գուշակ մը կրնայ ըսել, որ Երրորդ Համաշխահայինը դարանակալ կը սպասէ…
Լուռ մեղսակցութեամբ դիտել Թուրքիոյ դէպի Խալիֆայութիւն յամառ ընթացքը քաղաքական ծանրակշիռ սխալէ աւելին է. վտանգ՝ ուղղուած մարդկութեան դէմ:
Հայուն շեփորի ձայնը իր թաղէն անդին չ’անցնիր: Դժբախտաբա՛ր: Կը ծառայէ ներքին սպառման:
Ինչպէ՞ս լսելի ըլլալ միջազգային համայնքէն եւ աշխարհի ինքնակոչ հզօր իրաւարարներէն:
Ինչպէ՞ս լսուիլ Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն:
Ինչպէ՞ս կանխել ուրուագծուող աղէտները:
yerakouyn.com/2020/06/19/ազատ-աշխարհը-1453-ին-անկէ-ի-վեր-եւ-այսօր-իր/