
25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշ Մոսկուա կը գտնուի: Ան 23 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
«Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը մնան բարեկամական, հակառակ թրքական իշխանութիւններու ներկայիս գործելաոճին` ռուսական «ՍՈՒ-24» պատերազմական օդանաւի ջախջախումին առնչութեամբ», ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութեան փոխանցումով` ըսած է Լաւրով:
«Մենք կ՛ապրինք ժամանակաշրջան մը, որ լաւագոյնը չէ ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն համար: Սակայն այդ վերաբերմունքը, որ ունինք Թուրքիոյ կողմէ ռուսական պատերազմական օդանաւի ջախջախման նկատմամբ, չի տարածուիր ամբողջ թուրք ժողովուրդին վրայ: Այդ յարաբերութիւնները բարեկամական են` հիմնուած փոխադարձ վստահութեան վրայ եւ ուղղուած միացեալ մշակութային, մարդասիրական, տնտեսական ծրագիրներուն: Ես վստահ եմ, որ ատիկա պիտի պահպանուի», յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Տաւութօղլու Կոչ Կ՛ուղղէ
Հաշուետուութեան Կանչելու Այն Երեսփոխանները,
Որոնք Իրենց Երկրին Կողքին Չեն Կանգնիր
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «ռուսական պատերազմական օդանաւը, որ մեր օդային տարածքը խզեց, եւ զայն վար առինք, Սուրիոյ մէջ մեր անզէն քաղաքային եղբայրները կը ռմբակոծէր»` աւելցնելով. «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Սելահաթթին Տեմիրթաշի Ռուսիա այցելութեան ընթացքին ռուսական օդանաւի Թուրքիոյ կողմէ վար առնուիլը սխալ նկատելը գայթակղութիւն է եւ իսկական դաւաճանութիւն մը»:
«Պէտք է բոլորս դէմ կանգնինք Թուրքմէններու լերան մէջ մեր եղբայրներուն դէմ ռուսական վայրագ յարձակումին», ըսաւ ան:
Տաւութօղլու ըսաւ, որ իրենց դռները միշտ բաց են բոլոր ընդդիմադիրներուն առջեւ եւ իրենք պատրաստ են բոլորին հետ երկխօսութեան:
«Թուրք ընդդիմադիրի մը օտար երկրի մը զօրակցիլը ընդդէմ իր երկրին` Թուրքիոյ, գործակալութեան եւ դաւաճանութեան համազօր է», յայտնեց Թուրքիոյ վարչապետը:
Ան Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կոչ ուղղեց հաշուետուութեան ենթարկելու այն երեսփոխանները, որոնք Թուրքիոյ կողքին չկանգնելու կոչ ուղղող յայտարարութիւններ կը կատարեն:
«Թրքական խորհրդարանի անդամ ոեւէ երեսփոխանի հետ խնդիր չունինք», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Մեր խնդիրը անոր հետ է, որ Թուրքիոյ, մեր ժողովուրդին ու անոր ապագային դէմ յայտարարութիւն կը կատարէ»:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com





