Յունական Բանակի Սպայակոյտի Պետը Թուրքիոյ Հետ Զինուորական Տագնապը Կը Նկատէ Հաւանական Եւ Կը Սպառնայ «Հրկիզել» Թուրքերը, Եթէ Երկիր Ներխուժեն

Յունական Բանակի Սպայակոյտի Պետը Թուրքիոյ Հետ Զինուորական Տագնապը Կը Նկատէ Հաւանական Եւ Կը Սպառնայ «Հրկիզել» Թուրքերը, Եթէ Երկիր Ներխուժեն

Յունական Բանակի Սպայակոյտի Պետը Թուրքիոյ Հետ Զինուորական Տագնապը Կը Նկատէ Հաւանական Եւ Կը Սպառնայ «Հրկիզել» Թուրքերը, Եթէ Երկիր Ներխուժեն

22 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Constantinople – Sainte-Sophia

Յունական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Քոնսթանթինոս Ֆլորոս յայտարարած է, որ երկրին զինեալ ուժերը պատրաստ են արձագանգելու եւ կա0նխարգիլելու Թուրքիոյ կողմէ որեւէ գործողութիւն, եւ խոստացած է «հրկիզել» ան, որ կը ներխուժէ երկիր: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով «Օփըն» պատկերասփիւռի կայանին:

«Մէկ շաբաթ առաջ գլխաւոր շտապի պետը շարք մը այլ զինուորներու հետ անկարգելային թռիչք կատարեց` այդ ձեւով ուղերձ յղելով Թուրքիոյ: Ինչ կը վերաբերի Եգէական ծովու եւ արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ յարձակողականութեան, ապա զօրավարը որեւէ կասկած չձգեց, թէ երկրին զինեալ ուժերը ի՛նչ պատասխան պիտի տան, եթէ Թուրքիան յանկարծ որոշէ խախտել Յունաստանի գերիշխանութիւնը: Ան, որ կը համարձակի ոտքը յունական հողին վրայ դնել, նախ պիտի հրկիզենք, ապա միայն հարցնենք` ո՛վ էր», կը հաղորդէ յունական աղբիւրը:

Սպայակոյտի պետը զինուորական տագնապի մը հաւանականութիւնը չէ բացառած, եթէ Թուրքիան, ըստ անոր, կտրէ կարմիր գիծերը, եւ ենթադրած է, որ նման զարգացման պարագային բախումը պիտի ընդարձակուի: «Եթէ որեւէ մէկը յարձակի Յունաստանի զինեալ ուժերուն վրայ, ատոր գինը շատ սուղ պիտի վճարէ: Էրտողանը կ՛ընէ այն, ինչ որ կ՛ըսէ, մենք ալ կ՛ընենք այն, ինչ որ մենք կ՛ըսենք», յայտարարած է զօրավարը:

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ վէճի առարկայ է Եգէական ծովուն մէջ գտնուող Քասթելորիզօ կղզին, որ Թուրքիոյ ափէն ընդամէնը 2 քիլոմեթր հեռու է, իսկ ցամաքային Յունաստանէն` 570 քիլոմեթր: Կղզին երկու երկիրներուն միջեւ ծովային սահմանազատման եւ տնտեսական բացառիկ գօտիի տարանջատման հարցին մէջ վէճերու պատճառ դարձած է: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նախապէս յայտարարած էր, որ այդպիսի փոքր կղզին 40.000 քառ. քմ մակերեսով ցամաքային ծանծաղուտի տիրապետելու իրաւունք չունի:

Constantinople – Sainte-Sophia – Russian Orthodox Church against attempts of changing the status of Hagia Sophia in Constantinople

aztagdaily.com/archives/475806

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail