«Թուրքիան Բարի Դրացնութեան Քաղաքականութիւնը Փոխարինեց Ծաւալապաշտութեան Ծրագիրով» Կ՛ըսէ Քըրքաշ
22 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ շաբաթ օր յայտարարեց, որ Թուրքիան արաբական աշխարհը կը նկատէ պատմական երազներու իրագործման ռազմավարական տարածք մը` շեշտելով, որ Թուրքիան բարի դրացնութեան քաղաքականութիւնը փոխարինեց ծաւալապաշտութեան ծրագիրով:
Էմիրաթական դիւանագիտութեան պետը «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Տարիներու ընթացքին ամրապնդուեցան Թուրքիոյ եւ անոր արաբական շրջապատին միջեւ բարի դրացնութեան, յարգանքի, «զերօ խնդիրներու», տնտեսական ու քաղաքական կապերը: Դժբախտաբար զանոնք փոխարինեց ծաւալապաշտութեան ու ղեկավարութեան ծրագիրը, որ արաբական աշխարհը կը նկատէ պատմական երազներու իրագործման ռազմավարական տարածք մը: Ատիկա ոչ իմաստուն քաղաքականութիւն մըն է, որ յառաջիկայ փուլին խնդիրներ պիտի ստեղծէ Անգարային ու անոր շահերուն համար»:
«Արաբական աշխարհին համար թրքական ռազմավարական վտանգին շուրջ Ամր Մուսայի յայտարարութիւնը պատահական չէր, այլ կը բնութագրէ իր արաբ շրջապատին նկատմամբ Անգարայի քաղաքականութիւնը: Կարեւոր յայտարարութիւն մը իր թայմինկով եւ լուսարձակները թրքական ծաւալումին ու արաբական շրջանային համակարգին ներկայ տկարութեան շահագործումին վրայ կեդրոնացնող», աւելցուց Քըրքաշ:
aztagdaily.com/archives/475807