
25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Սուրիոյ կառավարական զօրքերը ռուսական օդուժի աջակցութեամբ վերջին շաբաթուայ ընթացքին հինգ բնակավայր ազատագրած է Հալէպի նահանգին մէջ:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ՌԻԱ Նովոսթի կը փոխանցէ, որ Դեկտեմբեր 25-ին լրագրողներուն յայտնած Է Ռուսիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի գլխաւոր վարչութեան պետ զօրավար-գնդապետ Սերկէյ Ռուտսքոյը:
Մասնաւորապէս, կառավարական զօրքերը այդ նահանգին մէջ կը շարունակեն ընդլայնել անվտանգութեան գօտին Նէյրապ օդակայանի շուրջը եւ յարձակում կը ծաւալեն հարաւ-արեւմտեան ուղղութեամբ` դէպի Իտլէպ:
«Վերջին շաբաթուայ ընթացքին ազատագրուած է հինգ բնակավայր»,- ըսած է Ռուտսքոյը:
Ան նաեւ նշած է, որ սուրիական զօրքերը անօրինական զինուած կազմաւորումներու շրջապատման օղակը կը սեղմեն Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ: «Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ կառավարական ուժերը հսկողութիւն կը հաստատեն Մարճ-սուլթան բնակավայրի նկատմամբ` սեղմելով անօրինական զինուած կազմաւորումներու շրջափակման օղակը Նաշապիա, Նուլա, Տումա, Զիպտին ուղղութիւններով»,-ըսած է ան:
Անոր խօսքով` միւս ուղղութիւններով սուրիական զօրքերը կ՛իրականացնեն իրադրութեան կայունացման եւ յարձակման ծաւալման նախապատրաստուելու միջոցներ:
Ռուսիոյ գլխաւոր սպայակոյտի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ Սեպտեմբեր 30-էն, երբ սկսաւ ռազմական գործողութիւնը Սուրիոյ մէջ, ռուսական օդուժը իրականացուցած է աւելի քան 5,2 հազար մարտական թռիչք: Ի դէպ` 145 թռիչքներ կատարած են ռազմավարական հրթիռակիր եւ հեռաւոր ռմբակոծիչ օդանաւերը:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com





