Լիպիոյ Մէջ Եգիպտական Ուղղակի Որեւէ Միջամտութեան Միջազգային Օրինականութիւնը Ապահովուած Է Կ՛ըսէ Եգիպտոս

Լիպիոյ Մէջ Եգիպտական Ուղղակի Որեւէ Միջամտութեան Միջազգային Օրինականութիւնը Ապահովուած Է Կ՛ըսէ Եգիպտոս

«Լիպիոյ Մէջ Եգիպտական Ուղղակի Որեւէ Միջամտութեան Միջազգային Օրինականութիւնը Ապահովուած Է» Կ՛ըսէ Եգիպտոս

22 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Egypt.Giza.Sphinx.01-hy.wikipedia.org

Այսօր Լիպիոյ Հարցով Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Արտակարգ Ժողով

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի շաբաթ օր յայտարարեց, որ պէտք է բոլոր օտար ուժերը հեռացուին Լիպիայէն եւ երկրին մէջ գործող միլիսները լուծարուին:

«Եգիպտոսի կողմէ Լիպիոյ մէջ որեւէ միջամտութեան միջազգային օրինականութիւնը այլեւս ապահովուած է», ըսաւ ան` աւելցնելով.«Եգիպտոս նախանձնախնդիր է լիպիական տագնապի խաղաղ ու համապարփակ լուծման»:

Եգիպտոսի նախագահը յայտնեց, թէ գոյութիւն ունին արտաքին ուժեր, որոնք «կ՛աջակցին Լիպիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու»` նշելով.«Եգիպտական ուղղակի որեւէ միջամտութեան նպատակը Լիպիոյ մէջ զինադադարի հաստատումն ու եգիպտական սահմանի անվտանգութեան ապահովումն է»:

Սիսի ընդգծեց, որ Լիպիոյ մէջ Սերթի եւ Ժաֆրայի գիծը կտրելը իր երկրին համար կարմիր գիծ է` նշելով. «Եգիպտական ուժերը Լիպիոյ մէջ գործի պիտի լծուին, եթէ լիպիացիները ատիկա խնդրեն»:

Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած էր, որ «Լիպիոյ մէջ մնայուն զինադադարի հաստատումը Հաֆթարի ուժերուն ռազմավարական Սերթ քաղաքէն հեռացումը կը պահանջէ»` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին Լիպիոյ համաձայնական կառավարութեան 2015 թուականի սահմաններու վերականգնման պահանջին, այսինքն` «Հաֆթարի ուժերուն Սերթէն եւ Ժաֆրայէն հեռացման»:

Եգիպտոսի նախագահը յայտնեց, որ Լիպիոյ մէջ միլիսներու գոյութիւնը այդ երկրին կամ որեւէ այլ երկրի մէջ կայունութեան պիտի չառաջնորդէ` նշելով, որ լիպիական ցեղախումբերու անդամներուն պէտք եղած մարզումն ու զէնքի մատակարարումը կը կատարուի:

Սիսի Լիպիոյ հետ սահմանին մօտ գտնուող արեւմտեան զինուորական շրջանին մէջ օդուժի ստորաբաժանումներ իր այցելութեան ընթացքին նշեց. «Եգիպտական բանակը կրնայ է Եգիպտոսի ազգային անվտանգութիւնը պաշտպանել թէ՛ երկրին մէջ, թէ՛ ալ արտասահմանի մէջ»:

Ան բանակին հրամայեց պատրաստուելու ազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան համար երկրին կամ արտասահմանի մէջ որեւէ գործողութիւն կատարելու:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը «Գահիրէի հռչակագիրին» ճամբով «կը ձգտի միջլիպիական համաձայնութեան, սակայն եգիպտական ու արաբական անվտանգութեան որեւէ սպառնալիք պատշաճ ու վճռական հակազդեցութեան պիտի արժանանայ»:

«Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին երէկ Լիպիոյ շուրջ իր խօսքին մէջ յստակօրէն ըսած էր, թէ եգիպտական կամ արաբական ազգային անվտանգութեան նկատմամբ ան վտանգի պարագային զինուորական ընտրանքը վերջին քայլն է, եւ Լիպիոյ մէջ իր ներկայութեան տարածքը ընդլայնելու Թուրքիոյ փորձերը անընդունելի են եւ Սուրիոյ, Իրաքի կամ Լիպիոյ մէջ զինուորականներու ներկայութեամբ ու ահաբեկչական վարձկաններու գործի լծումով կրկնուող վարմունք մը», նշեց եգիպտական դիւանագիտութեան պետը:

Ռիատ. «Եգիպտոսի Անվտանգութիւնը Թագաւորութեան Անվտանգութեան Անքակտելի Մասն Է»

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Թագաւորութեան կառավարութիւնը կը հաստատէ, որ Եգիպտոսի արաբական հանրապետութեան անվտանգութիւնը Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան եւ ամբողջ արաբ ազգային անվտանգութեան անքակտելի մասն է»:

Նախարարութիւնը նշեց, որ կը կանգնի Եգիպտոսի` «իր սահմաններն ու ժողովուրդը ծայրայեղականութենէն, ահաբեկչական միլիսներէն ու շրջանին մէջ անոնց աջակցողներէն պաշտպանելու իրաւունքին կողքին», աջակցելով նախագահ Սիսիի` «իր արեւմտեան սահմանները ահաբեկչութենէն պաշտպանելու Եգիպտոսի իրաւունքին» մասին կեցուածքին:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց ընդառաջելու Սիսիի` Լիպիոյ մէջ համապարփակ լուծման հասնելու եւ ահաբեկչութեան ու ծայրայեղական միլիսներուն, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ահաբեկչութիւնը սնուցող արտաքին ոչ օրինական միջամտութիւններուն վերջ տալու կոչերուն:

Պահրէյնի թագաւորութիւնը իր կարգին աջակցութիւն յայտնեց Եգիպտոսին եւ իր ազգային անվտանգութիւնն ու արաբական ազգային անվտանգութիւնը պաշտպանելու օրինական իրաւունքին:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ յայտնեց. «Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` Լիպիոյ վերաբերեալ խօսքին արաբական մեծ զօրակցութիւնը յստակ ցուցանիշ է, թէ արաբական աշխարհը կը մերժէ շրջանային երկիրներու կողմէ իր երկիրներու գերիշխանութեան ոտնահարումը եւ թէ արաբական համակարգի ներկայ տկարութիւնը հրատապ հարց է, իսկ կայունութեան ու գերիշխանութեան նպաստող հաւասարակշռուած եւ ճիշդ յարաբերութիւններու մասին կոչերն ու սկզբունքային կեցուածքները պիտի մնան ամուր»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ որոշուած է այսօր Լիպիոյ հարցով արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ տեսաժողով մը գումարել:

Մինչ այդ, Լիպիոյ համաձայնական կառավարութեան խորհրդարանը նշեց. «Սիսիի յայտարարութիւնները Լիպիոյ դէմ ուժի կիրարկման ուղղակի սպառնալիք են»: Լիպիոյ համաձայնական կառավարութիւնը իր կարգին մերժեց Եգիպտոսի նախագահին` Լիպիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան մասին յայտարարութիւնը, զայն նկատելով «պատերազմի յայտարարութիւն»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց. «Կը զօրակցինք զինուորական արտաքին միջամտութիւններուն վերջ տալու լիպիացիներու փափաքին, ինչպէս նաեւ զէնքի մատակարարման արգելքն ու Պերլինի խորհրդաժողովի առաջադրած լուծումները յարգելուն»:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Անգարան «կը հասկնայ Գահիրէի` Լիպիոյ հետ սահմանին նկատմամբ ապահովական իրաւացի մտահոգութիւնները, սակայն Եգիպտոս զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ուժերուն աջակցելով սխալ քաղաքականութիւն կը վարէ»:

Թուրքիոյ նախագահութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պատասխանատու նկատեց «Թուրքիոյ եւ անոր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վրայ արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ ունեցած դերակատարութեան պատճառով կատարուած յարձակումին»:

Լիպիոյ Մէջ Եգիպտական Ուղղակի Որեւէ Միջամտութեան Միջազգային Օրինականութիւնը Ապահովուած Է Կ՛ըսէ Եգիպտոս

aztagdaily.com/archives/475808

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail