ՈՂՋ ՄԵԾ ՀԱՅԳԻ ԱՄԵՆԱՀԻՆ /1658Թ/ՀԱՋՐԱՇԵՆ ՏԱՆ ՏԽՈՒՐ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
Միջնադարի՝ իշխանանիստ, իսկ ուշ միջնադարի՝ մելիքանիստ Ծար գիւղի մէջ կը գտնուէր 1658 թ վարպետ Աւանէսի կառուցած հայկական ամենահին բնակելի տունը:
Հազարաշեն յորինուածքով եւ ի տարբերութիւն փայտէ սիւներու՝ քարէ սիւներով եզակի այս կառոյցը քարվաճառի ազատագրումէն հետոյ հրդեհուած եւ ոչնչացուած է:
Ինչ որ անձինք այս վէրջին տարիներուն փլատակուած տունի քարերը եւ սիւներուն երկուքը հաւանել ու փոխադրել են Վարդենիսի կողմերը, ոմանք ալ գանձախուզութեան նպատակով փորած են տունի ներսի մասը:
Մէկ խօսկով, 1658 թ կառուցուած հայաշէն տունը 335 տարի իր նպատակին ծառայելէ հետոյ / մինչեւ 1993 թ տունը ապրած էր ազրպեյճանցի համարուած մեկ քրտացած քուրտի ընտանիք/ զոհ գնաց հայի տգիտութեանը:
Ամչնալու ինչքան պատճառ ունինք……………….
Այն, ինչ որ իբր մխիթարութիւն կամ պարզապէս մասունք ունինք այսօր ոչնչացուած եզակի այս կառոյցէն, դա՝ ճարտ. Մանուել Սարգսեանի 1986 թ. Կատարած չափագրութիւններն էն եւ սեւ սպիտակ մի քանի հատուածական լուսանկարները:
Գրութեանս կը կցեմ նաեւ տունի մեր օրերու վիճակը ներկայացնող մի քանի լուսանկար:
ՍԱՄՈՒԵԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ