Հայ Դատը Եւ Գաղափարակից 12 Կազմակերպութիւններ Դատապարտեցին Ցեղասպանութիւնը Ուրանալու Անգարայի Նոր Արշաւը

ANCA-WR and coalition partners slam Erdogan’s latest attempt to deny the genocide

Հայ Դատը Եւ Գաղափարակից 12 Կազմակերպութիւններ Դատապարտեցին Ցեղասպանութիւնը Ուրանալու Անգարայի Նոր Արշաւը

23 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ANCA-WR and coalition partners slam Erdogan’s latest attempt to deny the genocide

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ ասորական, յունական, իսրայէլեան, հրէական եւ կրօնական ու քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան այլ կազմակերպութիւններ դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի նորագոյն արշաւը։

Անոնց հրապարակած միացեալ յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ 1915էն 1923ի միջեւ մօտաւորապէս 3 միլիոն հայեր, յոյներ եւ ասորիներ զոհ գացած են թրքական ցեղասպան քաղաքականութեան։

Յիշեցենք, որ անցեալ շաբաթ, Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի բարձրագոյն խորհրդատուական մարմինը, նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ ժողովի մը ընթացքին քննարկած էր այն քայլերը, որոնք պիտի իրականացուին ընդդէմ «1915ի դէպքերուն վերաբերեալ Թուրքիոյ նկատմամբ ներկայացուող հայկական լոպիին եւ այլոց պնդումներուն», պնդելով, որ անոնց նպատակը «Թուրքիան եւ մեր ազգը սեւցնել է»։

«Հինգ ժամ տեւած նշեալ ժողովը ցոյց կու տայ, որ մեր համայնքը եւ անոր գործակիցները որքան յաջողած են Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութինը հաստատելու իրենց ջանքերուն մէջ, որոնց շարքին՝ Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։

Ամբողջ միացեալ յայտարարութիւնը եւ կազմակերպութիւններու ցանկը կարելի է կարդալ http://asbarez.com/194801 կայքէջին վրայ։

ANCA-WR and coalition partners slam Erdogan’s latest attempt to deny the genocide

yerakouyn.com/2020/06/23/հայ-դատը-եւ-գաղափարակից-12-կազմակերպութ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail