Ազգային Ժողովը Ընդունեց Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Նախագիծը՝ 89 Քուէներով

ՀՀ Ազգային ժողով

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Նախագիծը՝ 89 Քուէներով

23 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՀՀ Ազգային ժողով

Ազգային ժողովը 89 թեր, 0 դէմ ձայներով, երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու» նախագիծը:

Ընդունուած օրինագիծով դադրեցաւ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներ Ալվինա Գիւլումեանի, Ֆելիքս Թոխեանի եւ Հրանտ Նազարեանի պաշտօնավարումը, իսկ Սահմանադրական դատարանի ներկայի նախագահ Հրայր Թովմասեան պիտի շարունակէ պաշտօնավարել` իբրեւ Սահմանադրական դատարանի անդամ:

Ազգային ժողովը որոշեց Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերող հարցով չդիմել Սահմանադրական դատարան:

Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները ուժի մէջ կը մտնեն պաշտօնական հրապարակման յաջորդող օրը:

Խորհրդարանի նիստերուն կը մասնակցէր միայն «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը: «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտարարած էին, որ պիտի չմասնակցին Ազգային ժողովի արտահերթ նիստերուն:

ՀՀ Ազգային ժողով

yerakouyn.com/2020/06/23/ազգային-ժողովը-ընդունեց-սահմանադրակ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail