Ճեֆրի. «Ուաշինկթըն Չ՛ուզեր, Որ Ասատ Իշխանութենէն Հեռանայ, Այլ` Իր Վարմունքը Փոխէ»
23 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի նշեց, թէ իր երկիրը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` իշխանութենէն հեռացումը չի պահանջեր, այլ կ՛ուզէ, որ անիկա փոխէ իր վարմունքը:
«Մենք ամբողջական յաղթանակ չենք պահանջեր: Մենք չենք ըսեր, թէ Ասատ պէտք է հեռանայ: Կ՛ըսենք, որ Ասատ պէտք է փոխուի, եւ այդ կառավարութեան պատասխանատուն պէտք է իր վերաբերումը փոխէ», նշեց ամերիկացի պատուիրակը:
«Մենք նաեւ չենք ըսեր, թէ ռուսերը պէտք է հեռանան», աւելցուց ան:
Ամերիկացի պատուիրակը յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն միջին արեւելեան երկրին մէջ վարչակարգի փոփոխութեան կոչ չ՛ուղղեր: Ան նշեց, թէ այդ հարցը ձգուած է սուրիացի ժողովուրդին, որպէսզի ընտրէ, թէ ո՛վ կ՛ուզէ իր երկիրը ղեկավարէ:
aztagdaily.com/archives/475907