Հայկական Արտադրութեան «Քորոնա» Ժահրի Փորձարկիչները Պատրաստ Են
24 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան այսօր ըսած է, որ հայկական արտադրութեան «Քորոնա» ժահրի հաստատման PCR փորձարկիչները պատրաստ են:
Անոնք պիտի օգտագործուին Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ պետական պատուերով իրականացուող հետազօտութիւններուն համար:
«Ասիկա լուրջ յառաջընթաց է մեր բժշկագիտութեան եւ հիմնարար գիտութիւններու համար: Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել Մոլեկուլային (մասնիկային) կենսաբանութեան հիմնարկին` փորձարկիչները մշակելու եւ արտադրելու համար, ինչպէս նաեւ պարէտատան` անոնց մշակման համար անհրաժեշտ պարագաներն ու նիւթերը ձեռք բերելու եւ Հայաստան ներածելու համար»,- նշած է նախարարը:
yerakouyn.com/2020/06/24/հայկական-արտադրութեան-քորոնա-ժահր/