«Մենք Ռուսիոյ Հետ Սերտ Դաշինքի Մէջ Ենք» Կ՛ըսէ Մոալլեմ

«Մենք Ռուսիոյ Հետ Սերտ Դաշինքի Մէջ Ենք» Կ՛ըսէ Մոալլեմ

24 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ հետեւած է Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի` «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքին վերաբերեալ խօսքերուն` նշելով, որ անոնք «ստախօսներու երգչախումբ մըն են»:

«Պատժամիջոցները սուրիացի քաղաքացիին օրապահիկը հարուածելու արշաւ են, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան 2011 թուականի իրավիճակով վերադարձին առջեւ դուռը բանալ են», աւելցուց ան:

«Չեմ թերագնահատեր «Սիզըր» օրէնքը, սակայն մենք տասնեակ տարիներէ ի վեր վարժուած ենք պատժամիջոցներուն: Պէտք է աշխատանք տանինք «Սիզըր» օրէնքը ինքնաբաւութեան իրագործման եւ դաշնակիցներու հետ գործակցութիւնը խորացնելու առիթի վերածելու: Այս օրէնքը Սուրիոյ նոյնիսկ կ՛արգիլէ «Քորոնա» ժահրի դիմակայման դեղորայք գնել, եւ Ուաշինկթընի այն խօսքը, թէ մեր տնտեսութեան վրայ չ՛ազդեր, սուտ է», յայտնեց Մոալլեմ:

«Եթէ կը կարծեն, թէ այսպիսի միակողմանի միջոցառումները Սուրիան ծունկի պիտի բերէ, թող շարունակեն երազել», նշեց սուրիական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ իրենք սկսած են պատժամիջոցներու դիմակայման քայլերու որդեգրման եւ այդ ուղղութեամբ բարեկամներու հետ երկխօսութեան:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Սուրիոյ հետ առեւտուր կատարելու եւ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքէն չազդուելու վերաբերեալ Յորդանանի կեցուածքը յանդուգն է: «Մենք պատրաստ ենք Լիբանանի հետ գործակցելու «Սիզըր» օրէնքի դիմակայման համար, սակայն ատիկա միայն Սուրիոյ փափաքով չ՛ըլլար, այլ` հասարակաց փափաքով»:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի հետ սահմանագծումին Մոալլեմ ըսաւ. «Սահմանին վրայ միջազգային ուժերու տեղակայումը պիտի չընդունինք, որովհետեւ ատիկա թշնամիներուն հետ կը կատարուի»:

«Մինչեւ հիմա Լիբանանի հետ այդպիսի հաղորդակցութիւն չկայ, սակայն երբ փափաքին, ապա Սուրիան պատրաստ պիտի գտնեն», աւելցուց ան:

aztagdaily.com/archives/475976

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail