Արաբական Լիկան Կը Դատապարտէ Լիպիոյ Մէջ Բոլոր Տեսակի Օտար Զինուորական Միջամտութիւնները
24 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարները Ողջունեցին Գահիրէի Յայտարարութիւնը
Արաբ արտաքին գործոց նախարարները երէկ իրենց գումարած արտակարգ ժողովի ընթացքին Եթովպիոյ կոչ ուղղեցին համաձայնութիւն գոյացնելէ առաջ «Նահտա» ամբարտակի աւազանը ջուրով չլեցնելու` ընդգծելով, որ «եգիպտական ու սուտանեան ջրային անվտանգութիւնը արաբական ազգային անվտանգութեան անքակտելի մասն է»:
Նախարարները իրենց տեսաժողովի ընթացքին մերժեցին որեւէ արարք, որ կ՛ոտնահարէ Նեղոսի ջուրերուն մէջ բոլոր կողմերուն իրաւունքները:
Արաբ արտաքին գործոց նախարարները ողջունեցին լիպիական տագնապի լուծման վերաբերեալ Գահիրէի յայտարարութիւնը:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ դատապարտեց Լիպիոյ մէջ բոլոր տեսակի օտար զինուորական միջամտութիւնները` նշելով. «Զինուորական ընտրանքը պիտի չլուծէ տագնապի եւ որեւէ կողմի յաղթանակ պիտի չապահովէ»:
Ապուլ Ղէյթ յայտարարեց. «Հիմնական նպատակը կռիւի դադրեցումն ու բախումի բոլոր ճակատներուն, մասնաւորաբար Սերթ քաղաքին շուրջ կացութեան անմիջական հանդարտեցումն է, ինչպէս նաեւ լիպիական կողմերը կարող դարձնել ՄԱԿ¬ի առաքելութեան հովանաւորութեամբ զինուորական միացեալ յանձնախումբի բանակցութիւններուն վերադառնալու` զինադադարի մնայուն համաձայնութեան հասնելու համար»:
«Զինադադարի որեւէ դասաւորում պիտի չյաջողի, եթէ անոր զուգահեռ վարձկաններն ու օտար զինեալները երկրէն հեռացնելու յստակ յանձնառութիւններ չըլլան», ըսաւ ան:
«Արաբական լիկան կը գնահատէ լիպիացիներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը շարունակելու որեւէ ջանք, մասնաւորաբար եթէ արաբական ջանք մըն է, այնքան ատեն որ հիմնուած է ինքնին լիպիացիներուն կողմէ ղեկավարուող եւ ՄԱԿ¬ի հովանաւորութեամբ քաղաքական հոլովոյթի մը նախաձեռնման վրայ», նշեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը:
aztagdaily.com/archives/475975