Մաքրոն. «Լիպիոյ Մէջ Թուրքիոյ Վտանգաւոր Խաղը Եւրոպայի Համար Ուղղակի Սպառնալիք Է»
24 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Անգարա. «Ֆրանսա Լիպիոյ Մէջ Վտանգաւոր Խաղ Կը Խաղայ»
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ Միջերկրական ծովուն մէջ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրուած զինուորական վերջին միջադէպը, որուն շուրջ ՕԹԱՆ հետաքննութիւն կը կատարէ, «Դաշինքին մահաքունի մէջ ըլլալուն ամէնէն ակներեւ փաստերէն մէկն է»:
«Ձեզի կը յղեմ անցեալ տարուան վերջաւորութեան ՕԹԱՆ-ի մահաքունի մէջ ըլլալուն մասին յայտարարութիւնս», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ ատոր ամէնէն ակներեւ փաստերէն մէկը կը նկատեմ»:
Ֆրանսայի նախագահը նաեւ դատապարտեց Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ վարած «վտանգաւոր խաղ»-ը` զայն նկատելով շրջանին ու Եւրոպային ուղղակի սպառնալիք մը:
«Կը տեսնեմ, թէ Թուրքիան այսօր Լիպիոյ մէջ կը խաղայ վտանգաւոր խաղ մը, որ կը հակասէ Պերլինի խորհրդաժողովին մէջ իր յայտարարած բոլոր յանձնառութիւններուն», ըսաւ Մաքրոն:
Էլիզէի պալատէն պաշտօնատար մը իր կարգին Թուրքիան ամբաստանեց ՄԱԿ-ի կողմէ Լիպիոյ մէջ հաստատուած զէնքի մատակարարման արգելքը խախտելու մէջ:
«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի մէջ դաշնակից է, ուստի կարելի չէ, որ ատիկա շարունակուի», նշեց ան:
Յիշեցնենք, որ թրքական մարտանաւեր ՕԹԱՆ-եան առաքելութիւն կատարող ֆրանսական յածանաւի մը արգիլած էին խուզարկել նաւ մը, որուն շուրջ Լիպիա զէնքի փոխադրութեան կասկածներ կային:
Անգարա. «Լիպիոյ Քաոսի Մատնուելուն Մէջ Փարիզը Պատասխանատուութեան Մեծ Բաժին Ունի»
Թուրքիան Ֆրանսան ամբաստանեց Լիպիոյ մէջ «վտանգաւոր խաղ խաղալու» մէջ` այդպիսով օգտագործելով Անգարայի նկատմամբ Մաքրոնի օգտագործած բնութագրումը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտնեց. «Ֆրանսան տարիներէ ի վեր ոչ օրինական կողմերուն իր տրամադրած աջակցութեամբ Լիպիոյ քաոսի մատնուելուն մէջ պատասխանատուութեան մեծ բաժին ունի, եւ այս տեսանկիւնէն Ֆրանսան իրականութեան մէջ ինք է, որ վտանգաւոր խաղ կը խաղայ»:
«Եթէ պարոն Մաքրոն իր յիշողութիւնը աշխատցնէ եւ իմաստուն է, պիտի յիշէ, որ Լիպիոյ ներկայիս դիմագրաւած խնդիրները հետեւանք են իր աջակցութիւնը վայելող յեղաշրջական Հաֆթարի շղթայազերծած յարձակումներուն», աւելցուց Աքսոյ` նշելով. «Նոյնիսկ եթէ Մաքրոն ջանայ մեր երկրին դէմ անհիմն ամբաստանութիւններ ուղղելով այս իրողութիւնը ծածկել, լիպիացի ժողովուրդը պիտի չմոռնայ իր անձնասիրական շահերուն իրագործման համար Ֆրանսայի` երկրին պատճառած վնասները»:
www.aztagdaily.com/archives/475974