ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Լեւոն Տէր Պետրոսեան Իր Նախագահական Տարիներուն $153 Միլիոն Տոլար Յափշտակած Եւ Արտասահման Փախցուցած Է
24 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Ազդակ»-ի 8 յունիս 2020-ի թիով, Դերենիկ Մելիքեան «Կորոնայով Կամ Առանց Կորոնայի …» յօդուածին մէջ (1), կը մէջբերէ.«Իր պաշտօնավարման երկրորդ հնգամեան չաւարտած ՀՀ հրաժարեալ նախագահ Լ.Տ. Պետրոսեանի մօտ, սակայն, օրերս միտք յղացաւ բառացիօրէն յայտարարելու հետեւեալը.- «Կորոնավիրուսը պատերազմ է յայտարարել Հայաստանին: Պատերազմը վարելու բեռն ընկած է իշխանութեան ուսերին. ով պայքարում է իշխանութեան դէմ, կամայ, թէ ակամայ դաւաճանում է ազգին…»:
Շնորհակալութիւն Մելիքեանին: Ուշադրութենէս վրիպած էր տխրահռչակ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի այս յայտարարութիւնը: Ի՛սկապէս ան վերջին անձն է, որ փոխանակ ամօթի զգացումէն հրապարակէն անհետանալու՝ հեգնօրէն, ի՛նքն է, որ անամօթաբար դաւաճանութեան մասին կը խօսի:
Փոլիթիք.ամ կայքէջը 11 դեկտեմբեր 2019-ին «Ամերիկեան մամուլ. Տէր-Պետրոսեանը իր նախագահութեան տարիներուն Հայաստանէն հանած է $153 միլիոն տոլար» խորագիրով հետեւեալ յօդուածը թարգմանաբար արտատպած է ամերիկեան հեղինակաւոր, ռուսերէն «Նոր Աշխարհի Մէջ» շաբաթաթերթէն (2), (3): Ստորեւ, թարգմանաբար եւ արեւմտահայերէնի վերածուած յօդուածը.
«Լրատուամիջոցները յաճախ կ՛արտայայտուին 1990-ականներու Տէր Պետրոսեանէն ետք եկող իշխանութիւններուն ոչ օրինական ըլլալուն մասին: Որքան ալ շատ են այս հրապարակումները, բոլորը կը շրջանցեն առաջին նախագահ Տէր Պետրոսեանը եւ անոր ազգականները:
«Աւելի՛ն, այն սխալ տպաւորութիւնը ստեղծուած է, որ 1990-ականներու ազգային հարստութեան մեծ գողութիւնը՝ թալանը առանց Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գիտակցութեան եղած է, որ բնա՛ւ իրականութեան չհամապատասխաներ:
«Միացեալ Նահանգներուն մէջ հրատարակուող «в новом свете» “Նոր Աշխարհին Մէջ” ռուսերէն ամենաազդեցիկ շաբաթաթերթը,11 յունիս 1998-ի իր համարին մէջ անդրադարձած է Լեւոն Տեր Պետրոսեանի խմբակին եւ Հայաստանէն անոնց արտահանած դրամագլուխներուն մասին։
«Շաբաթաթերթին զրուցակիցը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակցուհի է, որ իր անվտանգութեան համար Հայաստանէն հեռացած է։ Լրագրողը անոր հանդիպած է Մոսկուայի մէջ, ուր անհրաժեշտ տեղեկուութիւնը ՀՀ ԱԱԾ աշխատակցուհին հաղորդած է լրատուամիջոցին։
«Ըստ հրապարակումին, Տէր Պետրոսեանը իր մտերիմներուն միջոցով 1990-ականներու կէսերուն կրցած է երկրէն դուրս հանել աւելի քան $153 միլիոն ամ. տոլար (հասկնալու համար գումարին մեծութիւնը՝ այդ տարիներուն Երեւանի կեդրոնին մէջ գտնուող ամենալաւ բնակարանը կ՛արժէր $6000 ամ. տոլար)։ Ըստ պարբերականին, Տէր Պետրոսեանին մտերիմները այդ գումարներով անշարժ գոյք գնած են եւրոպական երկիրներու մէջ, մասնաւորապէս Ֆրանսա։
«Միացեալ Նահանգներուն մէջ հրատարակուող ռուսերէն այս պարբերականին հրապարակումը կու գայ փաստելու այն խօսակցութիւնները, ըստ որուն, երբ 1999-ին ՀՀ վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը Միացեալ Նահանգներ մեկնած էր, այնտեղ անոր ցոյց տուած էին նորանկախ Հայաստանի միլիոնատէրերուն ցուցակը, որ սաստիկ զայրացուցած ու վիրաւորած էր զայն, թէ՝ ինչո՞ւ ամերիկացի պատասխանատու մը իրեն պէտք է ըսէր, որ հայերը, որոնց մէջ՝ իր ընկերները, փող գողցած ու շատ գողցած են:
«Ամերիկացիները յստակօրէն ցոյց տուած էին, որ պատերազմի եւ արհաւիրքի մէջէն անցնող Հայաստանը, անցած է նաեւ չտեսնուած թալանի մէջէն։ Ըստ ամենայնի, նաեւ ուղղակի Տէր Պետրոսեանի մտերիմներուն դուրս հանած գումարներուն մասին փաստեր ներկայացուցած էին Հայաստանի վարչապետին։
«Հետաքրքրական է, որ Տէր Պետրոսեանի նիւթական ահռելի կարողութեան տիրապետելուն մասին հրապարակումներ չեն եղած, նոյնի՛սկ այս հրապարակումը հայկական մամուլին համար կարծես աննկատ մնացած է։ Եւ հիմա, երբ իշխանութիւնները կը խօսին պետութենէն գողցուած միջոցներուն վերադարձին մասին, ապա կը կարծենք, որ այս հրապարակումը օգտակար կ՛ըլլայ, որպէսզի Տէր Պետրոսեանին հարցնեն, թէ ուրկէ գողցած եւ ուր ղրկած է $153 միլիոն տոլարը։ Եւ այս, երբ այդ տարիներուն Հայաստանի մէկ տարուան պետական պիւտճէն կը հաշուէր $300 միլիոն տոլար»։
Քանիցս «Ազդակ»-ի մէջ յօդուածներով անդրադարձած եւ զարմանքս յայտնած էի առաջին նախագահին հայրենակործան վարքագիծին մասին, այժմ յիշեցումի համար կը մէջբերեմ երկուքը.
1. 21 սեպտեմբեր 2015. « …Անկախութեան ժամանակաշրջանի առաջին վարչակարգը, կարծես հայ ժողովուրդը պատժելու համար, ահաւոր եւ անհաւատալի, ազգակործան ծրագրուած վարքագիծ մը որդեգրեց ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մեր թշնամիները պիտի փափաքէին, այդ ալ արցախեան ազատագրական պատերազմի օրերուն:
«Օրուան նախագահը` Լեւոն Տէր Պետրոսեան, փակեց Մեծամօրի հիւլէական ելեկտրակայանը` երկրաշարժի վտանգի պատրուակով, մասնակի մթութեան մատնելով ցարդ դրացի երկիրներուն ելեկտրականութիւն վաճառող լուսաւոր եւ տաքուկ Հայաստանը:
«Փակեց իր տեսակին մէջ Խորհրդային Միութեան մեծագոյն` Նայիրիտ գործարանը` օդի ապականութեան պատրուակով, բազմահազար պաշտօնեաներ անգործութեան մատնելով եւ արտադրութենէն գալիք եկամուտը չքացնելով:
«Հինգ հազարէ աւելի մեծ գործարաններ սեփականաշնորհեց իր բարեկամներուն` ծիծաղելիօրէն ցած գիներով: Անոնք փոխանակ շարունակելու աշխատանքը իր պատրաստ շուկայով, թալանեցին եւ երբեմն իբրեւ մետաղ ցած գիներով վաճառեցին սարքաւորումներն ու մեքենաները, առաւելաբար մեր թշնամիին` թուրքին, տասնեակ հազարաւոր աշխատողներ անգործութեան մատնելով եւ եկամուտը չքացնելով:
«Այսօր կը տեսնենք այդ թալանուած հսկայական գործարաններուն կմախքի վերածուած, նոյնիսկ դուռ- պատուհանը քակուած լքուած կառոյցները մայրաքաղաքին մէջ եւ երկրին ամբողջ տարածքին: Ուժանիւթով հարուստ, գործարաններով հարուստ ինքնաբաւ երկիրը մատնեցին մթութեան, ցուրտի, անգործութեան, աղքատութեան, թշուառութեան եւ նպաստընկալ մուրացկանի, որպէսզի կախեալ ըլլանք օտարէն» (4):
2. 18 օգոստոս 2016, «… Յատկանշական է, որ մինչեւ 1997, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերուն, առանց նախապայմանի կատարուած են այս սեփականաշնորհումները, այն ալ` շուկայի գիներէն 3-4 անգամ ցած գիներով, եւ ընդհանրապէս մուրհակներով: Այլ խօսքով, «գոյքը» ստացողը պետութեան առանց մեծ գումար վճարելու, կանխավճարով կամ նոյնիսկ առանց կանխավճարի` մուրհակներով տէր կը դառնար, օրինակի համար, հսկայ գործարանի մը, եւ կրնար գործարանը փակել ու մէջի սարքաւորումները ծախել իբրեւ մեքենաներ ու հաստոցներ, կամ մետաղի-թափօն, որոնց կարեւոր բաժինը ծախուեցաւ Թուրքիոյ եւ մաս մըն ալ Իրանի:
«Դժբախտաբար նոր «գործարանատէրերուն» մեծամասնութիւնը տնտեսութիւնը քանդող այս ուղիով փճացուց-չքացուց հայրենիքի տնտեսութեան կարողականութիւնը` անգործութեան մատնելով հազարաւոր աշխատաւորներ: Ցայսօր Երեւանի գործարանային շրջանին մէջ եւ երկրի տարածքին կը տեսնենք հրէշային կերպով «թալանուած» ու լքուած հազարաւոր նոյնպիսի գործարաններ, երեւոյթ մը, որ երբե՛ք «աշխատասէր» հայու վայել չէ:
«Հայոց Աշխարհ» թերթը անդրադառնալով Հայաստանի վերանկախացումի առաջին եւ երկրորդ վարչակարգի տարիներուն տեղի ունեցած սեփականաշնորհման հոլովոյթին` կ՛արձանագրէ, որ մինչեւ 1997 սեփականաշնորհուած է 4917 պարագայ, շուրջ 230-ով աւելի, քան` 1997-2007 տարիները: Սեփականաշնորհման այս առաջին փուլին անուանական արժէքէն քանի մը անգամ պակաս շուկայական գին ունեցող վկայագիրներով իւրացուած է պետական ունեցուածքին շուրջ 60 տոկոսը (6) («առիւծի բաժինը, իմա` ամէնէն արագ հարստանալու եւ «օլիկարգ» դառնալու միջոցը»,- Յ. Չ.):
Մինչեւ 1997 սեփականաշնորհումի մուտքերը կազմած են 40,2 միլիառ դրամ, այն ալ վկայագիրներով, որոնց անուանական արժէքը 3-4 անգամ պակաս էր շուկայի գինէն: Մինչդեռ Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան երկու շրջաններուն սեփականաշնորհուած է շուրջ 4590 պարագայ, որուն շնորհիւ պետութիւնը ստացած է աւելի քան 122 միլիառ դրամ եւ 108 միլիոն տոլար: Եթէ բաղդատենք տարբերութիւնը` սեփականաշնորհումի առաջին փուլին հետ, պետական ունեցուածքի սեփականաշնորհումէն ստացուած մուտքերը գրեթէ 10-12 անգամ պակաս էին երկրորդէն (6):
«Սեփականաշնորհման երկրորդ հանգրուանին ապահոված բարձր եկամուտը կարելի դարձաւ օրէնքներու փոփոխութեամբ: Եթէ մինչ այդ պետական գոյքը կը յանձնուէր սեփականաշնորհման` վկայագիրներով, առանց որեւէ նախապայմանի, ապա երկրորդ նախագահին ուղղակի միջամտութեամբ 1998-ին դադրեցաւ այսպէս կոչուած անհեռանկար վկայագրային սեփականաշնորհումը, երբ քանի մը վկայագիրներով եւ առանց որեւէ պայմանի ու նիւթական ներդրումի կարելի էր պետական հսկայական ունեցուածք ձեռք բերել (6):
«Ուստի, պետական գոյքը շարունակուեցաւ սեփականաշնորհուիլ միա՛յն ներդրումային (կանխիկ գումարով) համապարփակ ծրագրով: Այսպիսով սեփականատէրերը կը ստանձնէին նաեւ պարտաւորութիւններ` թէ՛ ընկերութիւնները գործարկելու եւ թէ՛ ալ նոր աշխատատեղեր ապահովելու, ինչպէս նաեւ` յաւելեալ ներդրումներ կատարելու: Այս մօտեցումը հնարաւորութիւն տուաւ տարիներ շարունակ անգործութեան մատնուած բազմաթիւ ձեռնարկութիւններ վերակենդանացնելու:
«Տրամաբանական հարցում մը. ինչպէ՞ս կը պատահի, որ վերանկախացումի օրը, երբ Հայաստանի քաղաքացիները գրեթէ հաւասար եկամուտ ունէին, հարիւրէն քանի մը հարիւր ռուբլի, որոշ անձեր շուտով միլիոնատէր դարձան ժողովուրդին հաշուոյն… հրա՞շք պատահեցաւ արդեօք:
«Խորհրդային համակարգէն յանկարծ «ազատ տնտեսութիւն» ոստումը իրականութեան մէջ հայրենիքի ազգային հարստութեան թալանին ու իւրացումին վերածուեցաւ, իշխանութեան եւ անոր մօտիկ խումբ մը մարդոց կողմէ, որոնք նաեւ տիրացան «ցկեանս» մենաշնորհներու:
«Այժմ կը պահանջուի հաշուետուութեան կանչել ԲՈԼՈՐ անոնք, որոնք մօտէն կամ հեռուէն, անցեալին կամ ներկայիս կապ ունեցած են վերանկախացումի 30 տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցած ազգային հարստութեան վատնումին, չգործարկելուն կամ իւրացումին` պատճառ դառնալով ընկերային-տնտեսական յարաճուն ճգնաժամին»(5):
10 յունիս 2020
(1) http://www.aztagdaily.com/archives/474608
(4) http://www.aztagdaily.com/archives/260167«Հայաստանի Հանրապետութեան Վերականգնումին Զերօ Ժամը Եւ Վերանկախացումին 24 Տարիները»:
(5) http://www.aztagdaily.com/archives/310121«Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակագիրը Եւ Ազգային Հարստութեան Կառավարումը Ու Հաշուետուութիւնը»:
(6) http://news.am/arm/reviews/629.html
aztagdaily.com/archives/475937