«Եթէ Սերթ-Ժաֆրա Կարմիր Գիծը Շրջանցուի, Լիպիացի Ժողովուրդը Եգիպտոսէն Պաշտօնապէս Պիտի Խնդրէ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարել», Կ՛ըսէ Սալեհ

«Եթէ Սերթ-Ժաֆրա Կարմիր Գիծը Շրջանցուի, Լիպիացի Ժողովուրդը Եգիպտոսէն Պաշտօնապէս Պիտի Խնդրէ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարել», Կ՛ըսէ Սալեհ

«Եթէ Սերթ-Ժաֆրա Կարմիր Գիծը Շրջանցուի, Լիպիացի Ժողովուրդը Եգիպտոսէն Պաշտօնապէս Պիտի Խնդրէ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարել», Կ՛ըսէ Սալեհ

25 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Թուրքիոյ Յառաջխաղացքը Կասեցնելու Վերաբերեալ Եգիպտական-Եւրոպական Խորհրդակցութիւններ

Լիպիոյ խորհրդարանի նախագահ Աքիլա Սալեհ յայտնեց, թէ լիպիացի ժողովուրդը Եգիպտոսէն պաշտօնապէս պիտի խնդրէ զինուորական միջամտութիւն կատարել, եթէ զգայ, որ ատոր կարիքը կայ լիպիական ազգային անվտանգութիւնն ու Եգիպտոսի ազգային անվտանգութիւնը պահպանելու:

Սալեհ նշեց, որ այդ միջամտութիւնը պիտի ըլլայ ինքնապաշտպանութեան օրինական իրաւունքին հիմամբ, եթէ ահաբեկչական միլիսները շրջանցեն կարմիր գիծը, զոր Եգիպտոսի նախագահ Ապտելֆաթթահ Սիսին ճշդած էր եւ փորձեն շրջանցեն Սերթ կամ Ժաֆրա քաղաքները:

Լիպիոյ խորհրդարանի նախագահը եգիպտական «Շարք Աուսաթ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ, եթէ հակառակորդ կողմը մուտք գործէ Սերթ, եգիպտական զինեալ ուժերէն պիտի խնդրենք աջակցիլ Լիպիոյ բանակին, եւ այդ պարագային եգիպտական միջամտութիւնը պիտի ըլլայ ի պաշտպանութիւն իր իրաւունքներուն:

Ան ընդգծեց, որ եթէ միլիսները կարմիր գիծը շրջանցեն, ապա Լիպիոյ մէջ եգիպտական միջամտութիւնը օրինական պիտի ըլլայ եւ` լիպիացի ժողովուրդին կողմէ լիազօրուած:

Մինչ այդ, աղբիւրներ «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, թէ Գահիրէ եւրոպական երկիրներու հետ հաղորդակցութիւններ կը հաստատէ դէպի Սերթ թրքական յառաջխաղացքը կասեցնելու նպատակով:

Եգիպտոս եւրոպական երկիրներու յայտնած է, թէ Սերթը պիտի ըլլայ արգիլող այն գիծը, որ պիտի չարտօնէ Լիպիոյ համաձայնական կառավարութեան միլիսներուն եւ թրքական ուժերուն Եգիպտոս հասնիլ:

Աղբիւրները նշեցին, թէ Ֆրանսան, Յունաստանը, Իտալիան, Կիպրոսը եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ այլ երկիրներ կը զօրակցին զինադադարի հաստատման եւ թրքական ուժերուն Սերթէն հեռացման:

Աղբիւրները նաեւ բացայայտեցին, որ միջազգային խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Լիպիոյ մէջ յառաջացնելու շրջաններ, ուր պիտի արգիլուի կռիւը եւ Լիպիոյ համաձայնական կառավարութեան կողմէ ուժեր ու թրքական ուժեր ուղարկումը: Եւրոպական երկիրներ զգուշացուցած են Թուրքիան` Լիպիոյ քարիւղի դաշտեր հասնելու նպատակով յառաջխաղացք կատարելէ:

Աղբիւրները «Հատաս»-ի յայտնած են նաեւ, թէ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան հակամարտող կողմերը իրարմէ անջատող շրջաններուն հսկելու համար միջազգային հսկիչներ ուղարկելու շուրջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ յայտարարեց, թէ կը մերժէ «Լիպիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն զէնքի մատակարարումը»:

«Լիպիոյ հարցով սերտ հաղորդակցութեան մէջ ենք եւրոպացիներուն հետ, եւ մեր նպատակն է արգիլել Լիպիա զէնքի մատակարարումը որեւէ աղբիւրէ` ըլլայ ատիկա թուրքերուն կամ ռուսերուն կողմէ», յայտնեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

«Եթէ Սերթ-Ժաֆրա Կարմիր Գիծը Շրջանցուի, Լիպիացի Ժողովուրդը Եգիպտոսէն Պաշտօնապէս Պիտի Խնդրէ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարել», Կ՛ըսէ Սալեհ

aztagdaily.com/archives/476072

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail