ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Ակնարկ – Պատասխանատուութեան Զգացում Եւ Անհատական Ու Ազգային Արժանապատուութիւն

20 վայրկեան տեւողութեամբ կը խոնարհի

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Ակնարկ – Պատասխանատուութեան Զգացում Եւ Անհատական Ու Ազգային Արժանապատուութիւն

24 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Վերջերս լուսանկար մը տարածուեցաւ համացանցին մէջ, ուր, ըստ աղբիւրին, կը տեսնենք Ճաբոնի ուժանիւթի նախարարը, խոնարհած դիրքի մէջ, եւ ըստ նոյն աղբիւրին, ան 20 վայրկեան այս դիրքով խոնարհած է, քանի որ պզտիկ գիւղի մը մէջ ելեկտրական հոսանքը 20 վայրկեան ընդհատուած է:

Այս նկարին մասին մեծ թիւով կասկածողներ եղան, հաւանաբար իրաւացիօրէն, սակայն ինչո՞ւ շատեր հաւատացին եւ ես ալ կրնամ հաւատալ, քանի որ ընդհանրապէս ճաբոնցի եւ անձնական փորձառութեամբ՝ պիտի աւելցնեմ նաեւ քորեացի ժողովուրդին մօտ անհատական ու ազգային արժանապատուութիւնը եւ պատասխանատուութեան զգացումը ամէն բանէ վեր է: Անոր համար էր, որ Ճաբոնը ունեցաւ 3800 Քամիքազի (անձնասպանական) օդաչու զոհեր, որոնցմէ 500-ը Բ. Աշխարհամարտին անձնասպանական գործողութիւններով, պայթուցիկներով լեցուն օդանաւերով, բախեցան թշնամի մարտանաւերուն՝ խորտակելով զանոնք:

20 վայրկեան տեւողութեամբ կը խոնարհի

Արժանապատուութեան այլ օրինակ մը՝ 28 մայիս 2007-ին Ճաբոնի երկրագործութեան նախարարը Թոշիքացու Մացուոքա ինքզինք կախելով անձնասպան եղաւ, ծախսերու վերաբերեալ կարծեցեալ գայթակղութեան մը մասին տեղի ունենալիք իր հարցաքննութենէն ժամեր առաջ (1): Կը յիշեմ նաեւ 1960-ական տարիներու վարչապետի մը շարժավարը, որ երբ շշուկներ տարածուեցան վարչապետին կարծեցեալ գայթակղութեան մը մասին, նախքան որեւէ դատական կամ քննական հարց, ան անձնասպան եղաւ, այն պատճառով, որ ինչպէ՞ս կը ծառայէր անձի մը, որուն մասին գայթակղութեան կասկածներ կրնան ըլլալ…:

Եզրակացութիւն՝ չաղաւաղուած հայն ալ ունի՛ եւ պէ՛տք է ունենայ բարձրագոյն պատասխանատուութեան զգացում եւ անհատական ու ազգային արժանապատուութիւն, մա՛նաւանդ պետական կամ պատասխանատու դիրքեր ունեցողները: Այս մարդկային ազնուագոյն յատկանիշներուն պատճառով, Ճաբոնը եւ Քորէան, որոնք ահաւոր պատերազմներէ, եւ առաջինին պարագային երկու կորիզային ռմբակոծումէ կարճ ժամանակ ետք, դարձան գիտութեան եւ ճարտարարուեստի մարզի աշխարհի առաջատարներէն ունենալով հզօր տնտեսութիւններ:

19 յունիս 2020

(1)  https://www.theguardian.com/world/2007/may/28/japan

aztagdaily.com/archives/476099

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail