Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Արաբ Բունարի Մէջ Թրքական Յարձակումը
25 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց հիւսիսային Սուրիոյ Արաբ Բունարի (Այն Արապ, Քոպանի) գիւղական շրջանի Հալանժ գիւղին վրայ թրքական յարձակումը եւ կոչ ուղղեց` երկրին մէջ քաղաքական լուծում գտնելու:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Մեր կարեկցանքը կը յայտնենք Թել Հալաֆի մէջ թրքական յարձակումին եւ Քոպանիի մէջ օդային հարուածին իբրեւ հետեւանք Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զոհերուն ու վիրաւորներուն ընտանիքներուն»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` կեդրոնանալու ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումին հիմամբ Սուրիոյ հակամարտութեան երկարատեւ քաղաքական լուծման իրագործման վրայ»` աւելցնելով. «Բռնարարքներու շարունակուող ոլորապտոյտը արգելք կը հանդիսանայ այդ ուղղութեամբ յոյսին»:
«Արապիա» կը հաղորդէ, որ թրքական անօդաչու սարք մը երեքշաբթի երեկոյեան Արաբ Բունարի հարաւ արեւելքը գտնուող Հալանժ գիւղին մէջ տուն մը ռմբակոծած է, որուն պատճառով սպաննուած են «Սթար» խորհրդաժողովի համակարգող մարմինի անդամներ Զահրա Պարքալն ու Հապուն Մալլա Խալիլը, ինչպէս նաեւ տան սեփականատէր` Ամինա Ուիսին:
Քրտական ինքնակառավարման մարմինը Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Միջազգային դաշինքի ուժերուն կոչ ուղղեց` տէր կանգնելու իրենց յանձնառութիւններուն եւ վերջ տալու թրքական ռմբակոծումներուն, որոնք Սուրիոյ հիւսիսի եւ արեւելքի շրջաններուն մէջ թիրախ կը դարձնեն քաղաքայինները:
aztagdaily.com/archives/476070