Հայ-թրքական Սահմանին Գտնուող Պատմական Կամուրջը Պիտի Վերականգնուի
26 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍԱՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Թուրքիան պիտի վերակառուցէ աւերուած Անիի պատմական կամուրջը (Մետաքսի ճանապարհի կամուրջ), որ կը գտնուի հայ-թրքական սահմանին վրայ՝ Ախուրեան գետին վրայ։ Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտնած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու, ծովագնացութեան ու կապի նախկին նախարար, այժմ Կարսէն ընտրուած խորհրդարանի պատգամաւոր Ահմեթ Արսլանը։
«Gazete Kars» լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան նշած է, որ այս պահուն միայն հիմքերը մնացած կամուրջին վերանորոգման համար Թուրքիոյ ցամաքային ճանապարհներու Կարսի 18-րդ վարչութիւնը մրցոյթ կը կազմակերպէ եւ շուտով պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները։
Արսլան նշած է, որ Անիի աւերակները իրենց համար շատ կարեւոր են, քանի որ 1064-ին Անին եղած է Ալփարսլան սուլթան 1-ինի կանգառը «Անատոլիա»-ի մէջ։
«Անիի կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մէկը Մետաքսի ճանապարհին վրայ գտնուիլն է։ Աստուծոյ կամքով՝ ցամաքային ճանապարհներու գլխաւոր վարչութիւնը՝ Մետաքսի ճանապարհը եզրափակող ու Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանը գծող Ախուրեանի վրայ գտնուող այս պատմական կամուրջը պիտի վերակառուցուի այնպէս, ինչպէս վերաշինուած են միւս պատմական կամուրջները։ Աշխատանքները շուտով պիտի սկսին»,- ըսած է թուրք պատգամաւորը։
Պատգամաւորը, սակայն, կամուրջի վերականգնման մասին այլ մանրամասներ չէ հաղորդած, յատկապէս այն հարցով, թէ արդեօք Հայաստանի հետ որեւէ համաձայնութիւն ձեռք բերուա՞ծ է այդ հարցով, քանի որ կամուրջի 2 յենարաններէն (ոտքերէն) մէկը կը գտնուի Ախուրեանի՝ Հայաստանեան ափին։
Յիշեցնենք, որ թրքական մամուլի մէջ կամուրջը վերականգնելու մասին տեղեկութիւններ շրջանառուած են նաեւ 2010-ին։ Այն ժամանակ կը հաղորդուէր նաեւ, որ Թուրքիայէն պատուիրակութիւն գործուղուած է Հայաստան, որ տեղւոյն վրայ համաձայնութիւն ձեռք բերած է հայկական կողմին հետ՝ այս հարցով։
yerakouyn.com/2020/06/26/հայ-թրքական-սահմանին-գտնուող-պատմակա/