Հնդկաստան-Չինաստան Սահմանին Վրայ Ուժերու Կուտակումը Կը Շարունակուի

Էս-400 Թրայըմֆ-China-India

Հնդկաստան-Չինաստան Սահմանին Վրայ Ուժերու Կուտակումը Կը Շարունակուի

26 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Էս-400 Թրայըմֆ-China-India

Չինաստանն ու Հնդկաստանը Հիմալայա լեռնաշղթայով անցնող վիճայարոյց սահմանին լարուածութեան աճի լոյսին տակ կը շարունակեն զօրք կուտակել: Այս մասին կը հաղորդէ «Սաութ Չայնա Մոռնինկ Փոսթ»-ը` յիշեցնելով, որ նախորդ շաբաթ սահմանին վրայ տեղի ունեցած է երկու երկիրներու զինեալ ուժերու բախումի մեծագոյն դէպքը:

Լարուածութեան սրման զուգահեռ, Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարը երկրի զէնքի գլխաւոր մատակարարին` Ռուսիոյ կոչ ուղղած է արագացնելու «Էս-400 Թրայըմֆ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի մատակարարումը:

Կը նշուի, թէ Հնդկաստան այս համակարգը պէտք էր 5,2 միլիառ տոլարի դիմաց ստանար դեկտեմբեր 2021 թուականին, սակայն «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով թուականը յետաձգուած է:

Ոլորտի փորձագէտները կը նկատեն, որ Չինաստան տակաւին երկու տարի առաջ իր զինանոցը համալրած է «Էս-400»-ով, եւ եթէ Հնդկաստան եւս ունենայ այս համակարգէն, ապա երկու կողմերու` իրարու նկատմամբ ներկայացուցած սպառնալիքի աստիճանը պիտի հաւասարի:

Յիշեցնենք, որ Չինաստանի եւ Հնդկաստանի` Հիմալայա լեռնաշղթայէն անցնող վիճելի սահմանին վրայ երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան լոյսին տակ չինական կողմին հետ բախումի պատճառով հնդկական զինեալ ուժերու քսան անդամ մահացած էր: Այս մահերը 1975 թուականէն ի վեր այս սահմանին վրայ արձանագրուած առաջին մարդկային կորուստներն են, որոնք յաջորդած են երկու երկիրներուն միջեւ վերջին շաբաթներուն ընթացքին լարուած յարաբերութիւններուն: Չինական զօրքերը տեղակայուած են Հնդկաստանի հետ սահմանի «զգայուն» հատուածներուն մէջ` լարելով վրաններ, տեղակայելով փոխադրամիջոցներ եւ ծանր սպառազինութիւն:

Չինացի եւ հնդիկ զինուորները, որոնք սովորաբար սահմանային հատուածներուն մէջ բախումէ խուսափելու նպատակով զէնք չեն կրեր, կռուի մէջ մտած են երկուշաբթի մայրամուտին` չինացիներու կողմէ հնդիկ հրամանատար մը գետի կիրճը հրել-նետելէն ետք: Այդ դէպքէն ետք երկու կողմերէն շուրջ 600 հոգինոց զօրք հաւաքուած է եւ սկսած իրարու հետ բռունցքներով, քարերով, երկաթեայ ձողերով կռուիլ: Կը նշուի, որ մարտը շարունակուած է մինչեւ ուշ գիշեր, երկու կողմերէն ալ զոհեր եղած են, սակայն զէնքի կրակոց չէ արձանագրուած:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է եւ կ՛ուզէ միջնորդ դառնալ սահմանային լարուածութիւնը մեղմացնելու հարցին մէջ:

aztagdaily.com/archives/476169

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail