«Պատրաստ Եմ Թրամփի Հետ Փոխադարձ Յարգանքի Հիմամբ Քննարկում Կատարելու» Կ՛ըսէ Մատուրօ

«Պատրաստ Եմ Թրամփի Հետ Փոխադարձ Յարգանքի Հիմամբ Քննարկում Կատարելու» Կ՛ըսէ Մատուրօ

«Պատրաստ Եմ Թրամփի Հետ Փոխադարձ Յարգանքի Հիմամբ Քննարկում Կատարելու» Կ՛ըսէ Մատուրօ

26 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ պատրաստակամութիւն յայտնեց փոխադարձ յարգանքի հիմամբ քննարկում կատարելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:

Մատուրօ վենեզուելական լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Պատրաստ եմ անհրաժեշտութեան պարագային Թրամփի հետ յարգանքով քննարկում կատարելու»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահին վերջին յայտարարութիւններուն վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով` Մատուրօ ըսաւ.«Պատասխանս այն է, որ ինչպէս Պայտընի հետ հանդիպեցայ, եւ երկար ու յարգալից քննարկում կատարեցինք եւ օրին ատիկա արձանագրուեցաւ, եթէ պէտք ըլլայ նաեւ պատրաստ եմ փոխադարձ յարգանքի հիմամբ քննարկում կատարելու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Ճիշդ ինչպէս խօսեցայ Պայտընի հետ, կրնամ նաեւ խօսիլ Թրամփի հետ»:

Յիշեցնենք, որ Մատուրօ-Պայտըն հանդիպումը տեղի ունեցած էր 2015 թուականին` Վենեզուելայի նախագահ Տելմա Ռուսեֆի երդման արարողութեան ընթացքին:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մէկ օր առաջ հաւանական նկատած էր Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի հետ հանդիպումը: Ան այս մասին յայտարարած էր «Աքսիոս» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է իր եւ Մատուրոյի միջեւ հանդիպումի մը կայացումը` Թրամփ ըսած էր. «Թերեւս այդ մասին մտածէի: Մատուրոն պիտի ուզէր հանդիպիլ: Եւ ես երբեք դէմ չեմ հանդիպումներուն, դուք գիտէք, ես հազուադէպօրէն դէմ կ՛ըլլամ հանդիպումներու»:

Սպիտակ տան ղեկավարին կարծիքով` «շատ քիչ բան կարելի է կորսնցնել դէմ առ դէմ հանդիպումներու ժամանակ», սակայն ներկայ պահուն ան մերժած էր Մատուրոյի հետ բանակցութիւնները:

Թրամփ նաեւ ընդգծած էր, թէ հիացած չէ եղած վենեզուելական ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտոյին աջակցելու իր վարչակազմին որոշումով:

«Ես կրնայի ապրիլ նաեւ առանց ատոր, սակայն վճռականօրէն դէմ էի Վենեզուելայի մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն», նշած էր ան:

«Պատրաստ Եմ Թրամփի Հետ Փոխադարձ Յարգանքի Հիմամբ Քննարկում Կատարելու» Կ՛ըսէ Մատուրօ

aztagdaily.com/archives/476184

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail