Ազգային Ժողովի Նախագահը Հրապարակեց ՍԴ Նախագահը Եւ 3 Դատաւորներ Փոխարինելու Սահմանադրութեան Փոփոխութիւնները
26 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ հրապարակեց Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները, որոնց ուժի մէջ մտնելէն ետք կը դադրեցուի 12 տարի պաշտօնավարած Սահմանադրական դատարանի անդամի պաշտօնավարումը, իսկ Սահմանադրական դատարանի նախագահը կը շարունակէ պաշտօնավարել իբրեւ պարզ անդամ: Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները ուժի մէջ կը մտնեն անոնց պաշտօնական հրապարակման յաջորդ օրէն:
Ուժի մէջ մտնելէ ետք պիտի դադրեցուի Սահմանադրական դատարանի դատաւորներ Ալվինա Գիւլումեանի, Ֆելիքս Թոխեանի եւ Հրանդ Նազարեանի պաշտօնավարութիւնը, իսկ Սահմանադրական դատարանի ներկայի նախագահ Հրայր Թովմասեան կը շարունակէ պաշտօնավարել՝ իբրեւ Սահմանադրական դատարանի անդամ:
asbarez.com/arm/372013/Ազգային-Ժողովի-Նախագահը-Հրապարակեց-Ս/