Ամանորեայ Իւրատեսակ Նուէրներ Սուրիահայերու Կողմէ

25 դեկտեմբեր 2015

Սուրիահայերը, հաստատուելով Հայաստանի մէջ, նոր գոյն ու որակ հաղորդեցին Հայաստանի արտադրական տարբեր ոլորտներուն մէջ: Այս ամէնուն վառ ապացոյցներէն էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան,«Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ` արդէն աւանդական դարձած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական երկօրեայ ցուցահանդէս-տօնավաճառը, որ տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 23-24ին:

«Հայերն այսօրը» զրուցած է ցուցահանդէս-տօնավաճառի մասնակից սուրիահայերու հետ, որոնք ոչ միայն ներակայացուցին իրենց արտադրանքը, այլ նաեւ հանդէս եկան ամանորեայ բարեմաղթանքներով:

Միքայէլ Կարապետի խօսքերով` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնի ՀՀ-ի նախաձեռնած ցուցահանդէս-տօնավաճառները մեծ հնարաւորութիւն կու տան ներկայացնելու իրենց մշակոյթը: Բացի այդ, նոր յաճախորդներ ձեռք կը բերեն, որ կը հեշտացնէ յետագայ աշխատանքը:

Միքայէլը նման ցուցահանդէսներու կը ներկայացնէ ոսկեայ եւ արծաթեայ զարդեր, որոնք հէնց ինքը կը պատրաստէ: Չորս տարի է արդէն, որ Հայաստանի մէջ այս գործունէութեամբ կը զբաղի: Ան նկատած է, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ բարձր ճաշակ ունին. բազմիցս համոզուած է այս հարցով:

Զարմինէ Մինասեան-Թոքատլեան երեք տարի առաջ Սուրիայէն վերադարձած է Հայաստան: Ամուսնուն հետ Հալէպի աւանդական ճաշատեսակներ կը պատրաստէ ու կը վաճառէ: Չեն դժգոհիր, կը փորձեն յարմարիլ միջավայրին եւ առաջ երթալ:

Երեւանի մէջ արդէն խանութ վարձակալած են, ուր ուտեստեներու մեծ տեսականի կը վաճառեն, ինչպէս նաեւ պատուէրներ կ’ընդունեն: Տիկին Զարմինէն նկատած է, որ հայաստանցի կանայք շատ կը սիրեն ճաշատեսակները, յատկապէս Հալէպի իշլի-քուֆթան կը հաւնին եւ յաճախակի կը գնեն: Ան սիրով կը մասնակցի կազմակերպուող ցուցահանդէս-տօնավաճառներուն. այն իրենց արտադրանքը լայն զանգուածներուն ներկայացնելու եւ իրացման աղբիւրներ փնտրելու դռներ կը բանայ:

Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն ընդառաջ Զարմինէ Թոքատլեան Հայաստանին խաղաղութիւն, ժողովուրդին բարեկեցիկ կեանք մաղթեց, իսկ սահմանին գտնուող զինուորներուն` անվտանգ ծառայութիւն: Վերջաւորութեան ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ, ի հարկէ, կը նշեն տօները` ամէն կերպ փորձելով պահպանել Հալէպի շունչն ու ոգին:

Տալիթա Քահքէճեան կը վստահեցնէ, որ ինք Հայաստանի մէջ լաւ կը զգայ: Այստեղ ան հրուշակագործութեամբ կը զբաղի եւ համեմունքներ կը վաճառէ: Համերաշխ կ’աշխատին ազգականին հետ:

Տիկին Տալիթան իր յաճախորդ կանանց հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններու մէջ է, նոյնիսկ մշտական յաճախորդներ ալ կան, որոնք գնումներ կատարելէ բացի, կու գան պարզապէս զրուցելու եւ բաղադրատոմսեր հարցնելու:

Շատ կ’ոգեւորուի, երբ անոնք կը զանգահարեն եւ գոհունակութեան խօսքեր կ’ըսեն պատրաստած համեղ ուտելիքներուն համար:

Տիկին Տալիթան յիշեց, որ Հալէպի մէջ Նոր տարին միշտ հարազատներու շրջապատի մէջ ուրախ մթնոլորտի մէջ նշած են, յատկապէս Սուրբ Ծնունդին են անհամբերութեամբ սպասած: Այս օրերուն ամենամեծ երազանքը Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը կրկին Հալէպի մէջ նշելն է:

Իսկ Աղաւնի Գեղամեան ցուցահանդէս-տօնավաճառին իր ձեռագործ աշխատանքներով ներկայացաւ: Տիկին Աղաւնին տնային պայմաններու մէջ կը պատրաստէ եւ կը վաճառէ ատոնք: Դեռ այդքան ալ շատ չեն յաճախորդները, սակայն չի վհատիր: Կը հաւատայ, որ ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ լաւ կ’ըլլայ եւ ճանաչում ձեռք կը բերէ: Այդ յոյսով ալ կը մասնակցի այս նախաձեռնութեան, որուն ներկայացած է տօնական պատկերներ խորհրդանշող ձեռագործներով:

Գէորգ Չիչեան

http://cl.hayernaysor.am

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail