Մաքրոն Այսօր Փութինի Հետ Կը Քննարկէ Լիպիոյ Հարցը – Մաքրոն Այսօր Փութինի Հետ Կը Քննարկէ Լիպիոյ Հարցը

Մաքրոն Այսօր Փութինի Հետ Կը Քննարկէ Լիպիոյ Հարցը

Մաքրոն Այսօր Փութինի Հետ Կը Քննարկէ Լիպիոյ Հարցը – Մաքրոն Այսօր Փութինի Հետ Կը Քննարկէ Լիպիոյ Հարցը

26 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Մաքրոն Այսօր Փութինի Հետ Կը Քննարկէ Լիպիոյ Հարցը

Էլիզէի պալատը յայտարարեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ այսօր գումարուելիք տեսաժողովի ընթացքին ռուս-ֆրանսական ռազմավարական երկխօսութեան ծիրին մէջ պիտի քննարկէ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան, համաշխարհային տագնապներու, ներառեալ Ուքրանիոյ եւ Լիպիոյ տագնապներու հարցերը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր եւ բազմակողմանի գործակցութեան հարցը:

Էլիզէի պալատէն աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Տագնապներու, մասնաւորաբար Ուքրանիոյ վերաբերեալ օրակարգերուն մէջ յաւելեալ յառաջդիմութեան կարիք գոյութիւն ունի»:

Մաքրոն նախապէս եւրոպական երկիրներուն կոչ ուղղած էր վերատեսութեան ենթարկելու Ռուսիոյ նկատմամբ քաղաքականութիւնը եւ Մոսկուայի հետ երկխօսութեան ու գործընկերութեան կարեւորութիւնը շեշտած:

Ֆրանսայի նախագահը մէկ օր առաջ Թունուզի նախագահ Քայս Սայիտի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած էր. «Ֆրանսան եւ Թունուզը միասնաբար կոչ կ՛ուղղեն, որ Լիպիոյ մէջ տագնապին կողմերը պատերազմելէ դադրին եւ բանակցութիւնները շարունակեն»:

Թունուզի նախագահը իր կարգին զգուշացուց «Լիպիոյ մասնատման վտանգէն»:

Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն մէջ իր պաշտօնակիցներուն կոչ ուղղեց Թուրքիոյ հետ Եւրոպական Միութեան ապագայ յարաբերութիւններուն շուրջ արտակարգ ժողով գումարելու:

Մաքրոն Այսօր Փութինի Հետ Կը Քննարկէ Լիպիոյ Հարցը

aztagdaily.com/archives/476165

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail