«Թուրքիան Կը Ձգտի Քիւրտ Ժողովուրդին Դէմ Ցեղասպանութիւն Գործել Եւ Օսմանեան Կայսրութիւն Ստեղծել» Կ՛ըսէ Քարայըլան
26 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) մարտական թեւի` Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու հրամանատար Մուրատ Քարայըլան քրտական «Սթերք» պատկերասփիւռի կայանէն խօսած է Արեւելեան Թուրքիոյ եւ դրացի երկիրներու քրտական շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին:
Քարայըլան հեռարձակման ընթացքին յայտարարած է, թէ թրքական պետութիւնը կը ձգտի, քիւրտ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն գործադրել, եւ որ քիւրտերուն չեն արտօներ իրենց ինքնութիւնը ունենալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիքսիթիթայմզ» կայքը:
Այնուհետեւ ան շեշտած է, որ «կայ նաեւ թաքուն ռազմավարութիւն», որուն նպատակը Թուրքիոյ կողմէ Օսմանեան կայսրութեան վերստեղծումն է:
«Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան ժամանակը յստակօրէն անցած է, որովհետեւ թրքական պետութիւնը մէկը միւսին ետեւէն կ՛իրականացնէ յարձակումներ», նշած է ան:
ՔԱԿ-ի հրամանատարը ընդգծած է, որ Իրաքի այն տարածքին մէջ, ուր ՏԱՀԵՇ եզիտիներուն դէմ ցեղասպանութիւն կատարած է, թրքական օդուժը այժմ ռմբակոծում կը կատարէ:
Քարայըլան նաեւ Եւրոպայէն, ներառեալ Ռուսիայէն եկած զբօսաշրջիկներուն կոչ ուղղած է` զբօսաշրջութեան համար չմեկնելու Թուրքիա, որովհետեւ Անգարան «Քիւրտիստանի ժողովուրդին դէմ ցեղասպանական քաղաքականութիւն կ՛իրականացնէ»:
«Այն գումարները, որոնք զբօսաշրջիկները Թուրքիոյ մէջ կը ծախսեն, կը դառնան փամփուշտ, ուղղուած` քիւրտ ժողովուրդին դէմ: Ատոր համար անոնք պէտք չէ Թուրքիա երթան», բացատրեց ան:
Քիւրտ հրամանատարը նաեւ նախազգուշացուցած է, որ քանի որ Թուրքիան պատերազմական գօտի է, զբօսաշրջիկները կրնան վտանգի տակ յայտնուիլ:
«Ես չեմ ըսեր, որ մենք զիրենք պիտի հետապնդենք, սակայն այստեղ պատերազմ է: Եթէ անոնք պատերազմի գօտի իյնան եւ վնասուին, մենք պիտի չկարենանք պատասխանատուութիւն ստանձնել», շեշտած է Քարայըլան:
«Այս երկիրը պատերազմի մէջ է մեր ժողովուրդին հետ, եւ մենք օրինականօրէն կը դիմադրենք», եզրափակած է ան:
aztagdaily.com/archives/476163