«Եթէ Թուրքիան Ժաֆրա Ռազմակայանին Դպչի, Մեր Զօրքերը Լիպիա Պիտի Մտցնենք» Կ՛ըսէ Եգիպտացի Զօրավար Մը
26 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Գահիրէի Նասերի անուան ռազմական ակադեմիայի ազգային անվտանգութեան հարցերով դասախօս, Եգիպտական զինեալ ուժերու հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Քաշքուշի կարծիքով` Թուրքիան նպատակ ունի Լիպիոյ բոլոր հիմնական ռազմակայանները առնել իր վերահսկողութեան տակ, եւ յայտարարած է, որ եթէ Անգարան Ժաֆրա օդուժի ռազմակայանին դպչի, Եգիպտոս իր զօրքերը պիտի մտցնէ Լիպիա: Այս մասին կը հաղորդէ «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը:
Անգարան արդէն իր փաստացի վերահսկողութեան տակ առած է «Միթիկա» եւ «Ուաթիա» օդուժի ռազմակայանները, ինչպէս նաեւ ծովեզերեայ Միսրաթա քաղաքի հիմնական տարանցման կէտերը` սուրիացի զինեալներն ու իր հարուածային համակարգերը Լիպիա տեղափոխելու համար: Ըստ եգիպտացի զօրավարին, այժմ Թուրքիան, որ կը թաքնուի Լիպիոյ միջազգայնօրէն ճանչցուած Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան աջակցութեան ետին, թիրախաւորած է արաբական հանրապետութեան կեդրոնական մասին մէջ գտնուող Ժաֆրա օդուժի ռազմակայանը:
«Եթէ ատիկա կարելի դառնայ, ատիկա պիտի խախտէ Եգիպտոսի պաշտպանական տարածքը եւ պիտի օրինականացնէ Եգիպտոսի զինուորական գործողութիւնները` ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի իրականացման մակարդակով», ըսած է Քաշքուշ:
aztagdaily.com/archives/476164