«Եւրոպական Միութիւնը Վճռական Է Իր Արտաքին Սահմանները Երրորդ Երկիրներէն Պաշտպանելու Գործին Մէջ» Կ՛ըսէ Պորել
26 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Եւրոպական Միութիւնը վճռական է իր արտաքին սահմանները երրորդ երկիրներէն պաշտպանելու հարցին մէջ: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորել` յոյն-թրքական սահմանին վրայ գտնուող Քասթանիես անցակէտ իր այցելութեան ընթացքին:
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ թուրք-յունական սահման այցելած Պորել տեղւոյն վրայ զննած է մարտէն ի վեր փակ անցակէտը:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը, անդրադառնալով թրքական պատերազմական օդանաւերու կողմէ յոյն-թրքական օդային սահմանները, ինչպէս նաեւ Եգէական ու Միջերկրական ծովերուն մէջ թրքական մարտանաւերու կողմէ երկու երկիրներու ծովային սահմանները խախտելու դէպքերուն, յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը ամբողջութեամբ կ՛աջակցի Յունաստանի գերիշխանութեան:
Ան նոյն ատեն ըսած է` Յունաստանի եւ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան համար ձեռնտու է գոյութիւն ունեցող դժուարութիւնները ետեւ ձգելը, ինչին ի պատասխան Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ իրենք պատրաստ են Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու, սակայն ատոնք չեն կրնար կայանալ օրէնքի խախտումներու եւ սպառնալիքներու ուղեկցութեամբ:
aztagdaily.com/archives/476166