ԽՕՍԵՑԷ՛Ք «ԱԶԳԱՅԻՆ» ԽԱՄԱՃԻԿՆԵՐ – ու՞ր են մեր «հերոս», մեր աննման «ազգայինները», լեզունին կուլ տուած են – (որով միայն իրար բզկտելու վարպետ էն)
_«…անհրաժեշտ է, որ Հայաստանում ռուսերենն ունենա պաշտոնական կարգավիճակ»
Հատուած՝ Ռուսաստանի դեսպանատան յայտարարութենէն
Ռուսաստանի դեսպանութիւնը նեղացեր է, որ Հայաստանի Ազգային Ժողովը նոր օրէնք պիտի անցընէ լսողատեսողական մեդիայի մասին, որով պիտի արգիլուին Հայաստանի մէջ սփռուող օտարալեզու հաղորդումները, եթէ անոնք հայերէն թարգմանութիւն կամ dubbing չունին։ Այս օրէնքով՝ հայերէնի ներկայութիւնը բոլոր հաղորդումներու պարագային պարտադիր պիտի դառնայ։
Ռուս դեսպանը ոչ միայն դէմ կ՚արտայայտուի այս միտքին, այլեւ կ՚ուզէ, որ ռուսերէնը պաշտօնական կարգավիճակ ստանայ Հայաստանի մէջ։
Ես ոչ ռուսերէնի, ոչ ալ անգլերէնի հետ խնդիր ունիմ։ Բոլոր լեզուներն ալ կարեւոր են։ Սակայն Հայաստանը ո՛չ Ռուսաստան է, ոչ ալ Ամերիկա կամ Եւրոպա։ Հայաստանը հայոց տունն է եւ հայոց տան լեզուն հայերէնն է։ Հայերէնը հայութեան ինքնութիւնն է։ Վերջակէտ։ Թող ոչ ոք ուրիշ բան չպարտադրէ հայութեան։
Իսկ ու՞ր են մեր «հերոս», մեր աննման «ազգայինները», որոնք երկու տարիէ ի վեր հայ ժողովուրդի յեղափոխութիւնը ապազգային յայտարարած են։ Թող ձայն բարձրացնեն Ռուսաստանի դեսպանութեան այս յայտարարութեան դէմ։ Ինչու՞ լեզունին կուլ տուած են։ Ի՞նչ է, Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու ընթացքին միայն խամաճիկի՞ դեռ պիտի ստանձնեն։ Չըլլայ յանկարծ Ռուսաստանը ազգային տեսլականի անբաժան մասն է իրենց համար… Կամ արդեօ՞ք ազգային արժէքները միայն հայերու դէմ ռուսական ծրագիրներ իրագործած ատեն կը յիշեն:
Խօսեցէ՛ք, եւ պաշտպանեցէք մեր ազգային մեծագոյն արժէքը՝ մեր մայրենի լեզուն։ Կամ ալ յաւիտեան լուռ մնացէք եւ խնայեցէք մեզ աւելորդ աղմուկ աղաղակէ ու գլխացաւանքէ։
Րաֆֆի Տուտագլեան – բոլորս Րաֆֆի Տուտագլեան ենք: