Բոլորս Րաֆֆի Տուտագլեան ենք – ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԿԱՐԳԻ ԻՍԿԱԿԱՆ ՏԱՊԱԼՈՂՆԵՐՈՒՆ

ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ԽՈՅԻ(ՀԱՅԻ) ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻՆ, ՈՐԸ ՊԻՏԻ ՋՆՋԻ ՁԿԱՆ ԹՈՂԱԾ ԱՐՀԱՎԻՐՔԸ, ՈՐԸ ԳԼԽԻՑ ԱՐԴԵՆ ՀՈՏԱԾ ԷՐ...

Բոլորս Րաֆֆի Տուտագլեան ենք – ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԿԱՐԳԻ ԻՍԿԱԿԱՆ ՏԱՊԱԼՈՂՆԵՐՈՒՆ

27 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Նախկին ռեժիմի կոալիցիոն եւ ոչ-կոալիցիոն կուսակցութիւնները, որոնք այսօր աղմուկ աղաղակ բարձրացուցած են եւ Սահմանադրական կարգը պահպանելու կոչերով հանդէս կու գան, պէտք է լաւ յիշեն, որ 2015-ին այս Սահմանադրութիւնը անցուցին կեղտոտ եւ կեղծուած հանրաքուէով, խաբեբայութեամբ ու ժողովուրդի արդար քուէն բռնաբարելով։

Եւ յետոյ, առանց ամչնալու, թքած ունենալով ժողովուրդի Սահմանադրական բոլոր իրաւունքներուն վրայ, սուտ եւ կաշառուած ընտրութիւններ կազմակերպեցին եւ այդպէս գրաւեցին Ազգային Ժողովը, դառնալով Հայաստանի հերթական ապօրինի օրէնսդիր, դատական եւ գործադիր իշխանութիւնները։

Իսկ այն ինչ տեղի կ՚ունենայ այսօր, նախ եւ առաջ իրենց մեղքով է։

Ըսած էինք, որ իրենք, ուշ կամ կանուխ, հաշիւ պիտի տան իրենց բազմաթիւ մեղքերուն համար։

Այսօր տեղի կ՚ունենայ անցեալի ուժերու կեղտի մաքրման աշխատանքը։ Հայաստանի ժողովուրդի քուէի 70 տոկոսով ընտրուած իշխանութիւնները ոչ միայն իրաւունքը, այլեւ պարտաւորութիւնը ունին Սահմանադրական իրերայաջորդ տապալումներով իշխանութիւնը զավթած քրէաօլիգարխիկ ուժերուն եւ անոնց գրպանը մտած կուսակցութիւններուն կեղտը մէկանգամընդմիշտ մաքրելու մեր հայրենիքէն։

2018-ի համաժողովրդային յեղափոխութենէն ետք, ժողովուրդէն մերժուած ուժերու բղաւոցները ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն։

Միակ արժէքը՝ ժողովուրդի ազատ եւ արդար քուէն է։ Իսկ այդ քուէն վաճառքի հանած ուժերը այսօր այլ բան չունին ընելու, բացի իրենց ծանր պարտութիւնը ընդունելէ եւ քաղաքական բեմէն ընդմիշտ հեռանալէ։

Պատուով ցտեսութիւն ըսելը աւելի նախընտրելի է, քան ժողովուրդի մերժողական կիցով բեմէն դուրս նետուիլը։

Րաֆֆի Տուտագլեան – բոլորս Րաֆֆի Տուտագլեան ենք:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail