ԱՄՆ Քոնկրէսին Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Լեռնային Ղարաբաղին Նուիրուած Փակ Քննարկում

17 դեկտեմբեր 2015

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնգրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Յունուարին պիտի կազմակերպէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման նուիրուած դռնփակ քննարկում, որուն հրաւիրուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի Խումբի ԱՄՆ-ի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակցին ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Եղիսաբէթ Չուլճեան:

«Մենք կը ցանկանայինք, որ բաց լսում ըլլար, բայց այս մասին դեռ չէ յայտարարած յանձնաժողովին նախագահը»,- ըսած է Չուլճեան:

Նշենք, որ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էդ Ռոյսը եւ անդամ Էլիոթ Էնկըլ դեռ շաբաթներ առաջ նամակով կոչ ըրած էին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքին` Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով ցուցաբերած կեղծ հաւասարութեան ձախողուած քաղաքականութիւնը փոխելու կառուցողական, հաշուետուողականութեան վրայ հիմնուած մօտեցմամբ:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail