Զարաքօլու «Խաղաղութեան» Իր Պարգեւը Նուիրած Է Հրանդ Տինքի Յիշատակին Եւ Սեւան Նշանեանին

16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015

Դեկտեմբեր 10-ին թուրք հրապարակախօս, մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ Ռակըփ Զարաքոլուն արժանացած է Դանիայի «PL» հիմնադրամի «Խաղաղութեան» պարգեւին: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Վերոնշեալ հեղինակաւոր պարգեւը, որ կը կազմէ 100 000 դանիական կրոն, կը շնորհուի ՄԱԿ¬ի համամարդկային իրաւունքներու յայտարարագրի ծիրէն ներս ոչ բռնութեան ճանապարհով ժողովրդավարութեան համար պայքարող մարդոց եւ կազմակերպութիւններուն:

Հանդիսաւոր արարողութեան, որ կազմակերպուած էր Դանիայի Ազգային թանգարանի արարողութիւններու դահլիճին մէջ, ելոյթով հանդէս եկած է PL հիմնադրամի նախագահ Փոլ Սոկաարտը: Ան մասնաւորապէս նշած է, որ «Խաղաղութեան» պարգեւը Ռակըփ Զարաքոլուի կը յանձնուի մտքի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու բնագաւառներուն մէջ իր բազմամեայ պայքարի եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ 100 տարի առաջ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկման բարձրացման ուղղուած ջանքերուն համար, որուն համար ան հետապնդուած է, ենթարկուած հալածանքներու եւ քանի մը անգամ բանտարկուած:

Պատասխան խօսքին մէջ Զարաքոլու նշած է, որ պարգեւը կը նուիրէ տարիներ առաջ սպաննուած հայկական «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի յիշատակին եւ ներկայիս երկարամեայ ազատազրկման դատապարտուած թրքահայ գրող, լեզուաբան եւ ճարտարապետ Սեւան Նիշանեանին: Ան տեղեկացուցած է, որ Սեւան Նշանեան սեփական միջոցներով վերականգնած է Թուրքիոյ յունական Շիրինջէ գիւղի ճարտարապետական կառոյցները, որուն համար ազատազրկման դատապարտուած է` առանց պետական թոյլտուութեան վերակառուցողական աշխատանքներ իրականացնելուն համար: Ան աւելցուցած է, որ այժմ այդ շինութիւնները քանդման սպառնալիքի տակ են, իսկ Սեւան Նիշանեան միակն է, որ Թուրքիոյ մէջ փակ կարգով բանտ կը գտնուի «Մշակութային եւ բնական արժէքներու պահպանման» մասին օրէնքի խախտման յատկանիշներով: Ան կոչ ըրած է հնարաւորինս բարձրաձայնել եւ դատապարտել Թուրքիոյ մէջ տիրող ծայրայեղ անհանդուրժողականութիւնը եւ հնարաւորինս օժանդակել բանտարկուած մտաւորականներու ազատ արձակման:

Ձեռնարկին մասնակցած է Դանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան առաջին քարտուղար Ք.Մեհրաբեկեան, եւ ներկայ էին նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ բնակող թուրք մտաւորականներ եւ իրաւապաշտպաններ, որոնք իրենց գործունէութեան եւ խօսքի ազատութեան համար աքսորուած են Թուրքիայէն:

Նշենք, որ 2005-ին Ռակըփ Զարաքոլու արժանացած է նաեւ Նորվեկիոյ Գրողներու միութեան եւ Նորվեկիոյ մշակոյթի նախարարութեան «Արտայայտուելու ազատութեան» պարգեւին:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail