Ֆրանսահայ Ժանն Բարսեղեան Ընտրուեցաւ Սթրազպուրկի Քաղաքապետ
24 ՅՈՒՆԻՍ 2020 –
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը յայտնէ, որ ֆրանսահայ Ժանն Բարսեղեան ընտրուած է Սթրազպուրկի քաղաքապետ: Ձայներու 42,5 առ հարիւրով, Ֆրանսայի Կանաչներու կուսակցութեան թեկնածուն յառաջատարն է:
Ժաննա Բարսեղեան 40 տարեկան է: Ան ընտրութիւններուն կը գլխաւորէ Ֆրանսայի «Եւրոպա, կենսոլորտ, կանաչներ» կուսակցութեան ցուցակը:
Իբրեւ Կանաչներու կուսակցութեան թեկնածու` Բարսեղեան իր առաջնային խնդիրը կը նկատէ կլիման, անհաւասարութեան դէմ պայքարը:
Ժաննա Բարսեղեան 1918-ի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ ընտրուած առաջին երեք կիներէն մէկուն` Պերճուհի Բարսեղեանի ծոռնուհին է:
aztagdaily.com/archives/476352