ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 26-28 Յունիս, 1993. Մարտակերտը ազատագրուեցաւ. Արցախեան պայքարը թեւակոխեց իր վերջնական ազատագրումի յաղթական փուլը

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 26-28 Յունիս, 1993. Մարտակերտը ազատագրուեցաւ. Արցախեան պայքարը թեւակոխեց իր վերջնական ազատագրումի յաղթական փուլը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 26-28 Յունիս, 1993. Մարտակերտը ազատագրուեցաւ. Արցախեան պայքարը թեւակոխեց իր վերջնական ազատագրումի յաղթական փուլը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

26-28 Յունիս, 1993.
Մարտակերտը ազատագրուեցաւ.
Արցախեան պայքարը թեւակոխեց իր վերջնական ազատագրումի յաղթական փուլը

27 ՅՈՒՆԻՍ 2020

Ն. Պէրպէրեան

Յունիս ամսու վերջին օրերուն հայ ժողովուրդը կը տօնէ յաղթանակի օրը Մարտակերտի ազատագրութեան, որ տեղի ունեցաւ 1993ի Յունիս 26-28ին եւ ուղին հարթեց Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարի վերջին փուլի յաղթական աւարտին։

Եթէ Մայիս 1992ի Շուշիի ազատագրման յաղթանակով Արցախեան պայքարը սկիզբը դրաւ Հայաստանի հետ Լաչինի անցքով վերամիացման յաղթարշաւին, ապա 1993ի Յունիսին, Մարտակերտի ազատագրութեամբ, անցաւ ամբողջ Արցախը ատրպէյճանական բռնագրաւումէն ազատագրելու ռազմական ընդհանուր յարձակողականի։

1993ի Յունիս 2էն սկսեալ, Արցախի ինքնապաշտպանութեան բանակն ու ազատամարտիկ ջոկատները բոլոր ճակատներուն վրայ ձեռնարկեցին յարձակողական գործողութեանց, որպէսզի ատրպէյճանական զօրքերու ամէնօրեայ սպառնալիքէն եւ հակահայ ոճիրներէն ձերբազատեն հայրենի մեր հողն ու ժողովուրդը։

Յունիս 27ին հայկական ուժերը վերջապէս ջախջախեցին Մարտակերտի բարձունքներուն ամրակայուած ատրպէյճանական զօրքի դիրքերը, մարդկային եւ նիւթական ծանր կորուստներու ենթարկելով եւ անփառունակ փախուստի մատնելով թշնամին։

*
* *

Հանրագիտական տեղեկանքով՝ Մարտակերտը քաղաք է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիւսիս-արեւելեան մասին մէջ։

Անիկա վարչական կեդրոնն է Մարտակերտի Շրջանին՝ Ստեփանակերտէն 75 քիլոմեթր դէպի հիւսիս, Թարթառ գետի միջին հոսանքին աջ կողմը, 450 մեթր բարձրութեան վրայ։

Մարտակերտի կազմին մէջ ներառուած են Հայկաջուր, Ջրաբերդ, Մարալեան Սարով եւ Լեւոնարխ գիւղերը։ Վարչական տարածքը` 4600 հեկտար է։ Իսկ անուանումը Մատուռակերտի հնչիւնափոխութենէն առաջացած է։

Մինչեւ 1992ի բռնագաղթը, Մարտակերտը մեծութեամբ Լ.Ղ.Ի.Մ.ի երրորդ քաղաքն էր (Ստեփանակերտէն եւ Շուշիէն յետոյ), ունէր շուրջ 13 հազար բնակիչ (2002ին՝ 4469)։

1988ին Մարտակերտն ունէր միջնակարգ (2), գիշերօթիկ (1), երաժշտական եօթնամեայ (1) եւ մարզական (1) դպրոցներ, մարզահրապարակ, մանկապարտէզ (5), հիւանդանոց, մշակոյթի տուն, շարժանկարի սրահ, կապի բաժանմունք, շինանիւթերու գործարան, իւղի-պանիրի, խաղողի նախնական վերամշակման գործարաններ եւ այլն։

1987ին Մարտակերտի տնտեսութիւնը տարեկան կ՚արտադրէր շուրջ 20-25 հազար թոն խաղող, 1800 թոն կաթ, 2000 թոն հացահատիկ։

*
* *

Արցախեան Շարժման սկզբնաւորութեան, 1988ին, Մարտակերտի հիմնարկ-ձեռնարկութիւններու աշխատողները իրենց կարգին կազմակերպեցին բողոքի ցոյցեր, Հայաստանին վերամիանալու պահանջով ստորագրահաւաք եւ ատրպէյճանական լուծէն ազատագրուելու այլ քայլեր։

Բախելով ատրպէյճանական-խորհրդային իշխանութեանց բիրտ հալածանքին եւ ճնշումներուն` Մարտակերտի Շրջանը պաշտպանելու համար ստեղծուեցան աշխարհազօրայիններու հրամանատարութիւն եւ ինքնապաշտպանական երեք զինեալ ջոկատներ։

1988էն 1992, Մարտակերտի եւ Հայաստանէն եկած ֆետայական ջոկատները, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումով միաւորուեցան, ինքնապաշտպանական ուժեղ մարտեր մղեցին ատրպէյճանական թշնամիի գերակշիռ ուժերուն դէմ։

1992ի Յուլիս 4ին, Խ.Մ.Հ.Մ. 4րդ բանակի աջակցութեամբ, թշնամին ձեռնարկեց լայնածաւալ գործողութեանց եւ կրցաւ գրաւել նաեւ Մարտակերտը։

Շուրջ տարի մը Մարտակերտը մնաց թշնամիին ձեռքը, մինչեւ որ 1993ի Յունիս 12ին, Լ.Ղ.Հ. Պաշտպանութեան Բանակի նախաձեռնութեամբ, ի գործ դրուեցաւ Մարտակերտի եւ ամբողջ շրջանի բնակավայրներու ազատագրման մեծածաւալ ռազմական յարձակողականը, որ յաղթանակով պսակուեցաւ Յունիսի 26ին, երբ ատրպէյճանական զօրքը պարտութիւն կրեց եւ սկսաւ նահանջել. Յունիս 27ին հայկական ուժերը մտան Մարտակերտ եւ Յունիս 28ին ամբողջապէս ազատագրեցին ռազմագիտական կարեւորագոյն դիրք ունեցող քաղաքը։

Այսպէս, Քարվաճառի ազատագրման ռազմական յաջող գործողութենէն ետք, երբ ջախջախուեցաւ ատրպէյճանական զինուժի Լաչին-քելբաջարեան խմբաւորումը, Արցախեան Բանակի հրամանատարութիւնը ձեռնամուխ եղաւ Մարտակերտի ազատագրման ռազմական գործողութեան մշակումին եւ նախապատրաստումին։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 26-28 Յունիս, 1993. Մարտակերտը ազատագրուեցաւ. Արցախեան պայքարը թեւակոխեց իր վերջնական ազատագրումի յաղթական փուլը

*
* *

Կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին իրագործուեցաւ ուժերու եւ միջոցներու վերադասաւորումը։ Թշնամիին ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով ծրագրուեցաւ ձեռնարկել յարձակողական զործողութիւններու՝ միաժամանակ մի քանի ուղղութիւններով։

Մարտակերտ քաղաքի մօտ կեդրոնացուեցան Մարտակերտի, Ասկերանի, Մարտունիի, Շուշիի ջոկատներէն ընտրուած հարուածային քանի մը ստորաբաժանումներ։

Մարտակերտի հարաւ-արեւելեան ճակատին վրայ գործող արցախեան ուժերը, հակառակորդին զգալի կորուստներ պատճառելով, Խրամորթ եւ Փափրավենդ գիւղերու միջոցաւ գրոհեցին Աղդամ-Մարտակերտ ճամբու ուղղութեամբ։

Հայկական ճնշումը դիմագրաւելու համար, Ատրպէյճան ռազմական օդանաւի գործածութեան դիմեց, բայց հայկական ուժերը կրցան մէկ օդանաւ վար առնել եւ բուռն կռիւներէ ետք ազատագրել Մարտակերտի հեռուստա-աշտարակին եւ «Պուշկենեալ» բարձունքները։

Դիրքային առաւելութեան տիրանալով՝ Արցախեան ուժերը կրցան թշնամիին դուրս շպրտել Մարտակերտ քաղաքէն եւ յառաջանալ Խրամորթ-Բոյահմեդլի–Փափրավենդ-Մարտակերտ-Մադաղիս լայն ռազմաճակատով։

Թէեւ աւելի քան 120 զոհ տուաւ հայկական կողմը, բայց ի վերջոյ յաջողեցաւ ջախջախել թշնամիին գերակշիռ ուժն ու ռազմական դիրքերը եւ ճամբան բանալ դէպի ամբողջ Արցախի ազատագրումը ատպէյճանական բանակի ամէնօրեայ սպառնալիքէն։

*
* *

27 տարիներ անցած են Մարտակերտի ազատագրումէն ասդին։
Թէեւ պատերազմին ձգած վէրքերը դեռ լրիւ սպիացած չեն արցախցիներուն համար, բայց կեանքը շատոնց մտած է ազատ ու անկախ զարգացման հունին մէջ։

Մինչ ատրպէյճանեան թշնամին կը շարունակէ, ամէնօրեայ ռազմագոռ սպառնալիքներով եւ զինեալ գրգռութիւններով, Արցախը ընկճելու իր անհեռանկար փորձերը, ինչպէս բոլոր արցախցիները, այնպէս եւ մարտակերտցիները տուն կը կառուցեն, ընտանիք կը բազմացնեն, նորահաս սերունդը ուսումով կ՚ապահովեն եւ երկիր կը շէնացնեն։

Այդպէ՛ս մեր պարտքը կը կատարենք Մարտակերտի եւ ամբողջ Արցախի ազատագրումը իրենց արեամբ նուաճած հայոց ազատամարտիկներուն՝ իր հողին ու լեռներուն անտեղիտալիօրէն փարած մեր ազատատենչ ժողովուրդին նկատմամբ։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 26-28 Յունիս, 1993. Մարտակերտը ազատագրուեցաւ. Արցախեան պայքարը թեւակոխեց իր վերջնական ազատագրումի յաղթական փուլը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail