Ակնարկ. Կը Մերժուի Գրաքննութիւնը, Կ՛արտօնուի Միջամուխ Ըլլալը
30 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ներլիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն գնահատական տալը նախադէպեր ունէր: Հիմա իրաւական դաշտ բերելու փորձ կը կատարուի միջազգային համաձայնագիրներով եւ Վիեննայի պայմանագրութեամբ ամրապնդուած դիւանագիտական ընդունուած կարգերու խախտումի հերթական երեւոյթ մը:
Զգացական հակազդեցութիւն կամ պատահականութիւն չէ լիբանանցի քաղաքացիին կողմէ դատ յարուցելը եւ դատաւորին կողմէ այդ բողոքին ընթացակարգ որոշելը: Իրաւաչափ է նման բողոքի դատական իրաւակարգի որոշում կայացնելը: Խնդիրը աւելի կը կեդրոնանայ հարցի քաղաքական բնոյթին եւ ընտրուած ժամանակին վրայ առաւելաբար:
Նուրբ ու դժուարին կացութեան մէջ յայտնուած ըլլալու տպաւորութիւն կը ձգէ գործող կառավարութիւնը: Մէկ կողմէ դատական իշխանութիւններու անկախութիւնը երաշխաւորելով, միւս կողմէ լրատուադաշտին վերաբերեալ դատաւորին կայացուցած որոշումը` երկրի սահմանադրական սկզբունքներուն դէմ նկատելով կը փորձէ հաւասարակշռուած մօտեցում որդեգրել:
Պարզ է ընկալուածը: Ուաշինկթըն Իրանի եւ իրանամէտ կազմակերպութեան դէմ չէզոքացման համալիր գործողութիւններու պարունակին մէջ կը ճնշէ պաշտօնական Պէյրութի վրայ` լիբանանեան հանրային կարծիքին յստակ ուղերձ յղելով, արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով: Ուղերձը այն է, որ երկրի տնտեսական քաոսին պատասխանատուն Իրանի ազդեցութեան գօտի հանդիսացող կազմակերպութիւնն է:
Տարածաշրջանին մէջ գլխաւոր խաղցողներուն համար, պէյրութեան թատերաբեմը Միացեալ Նահանգներ-Իրան-Լիբանան եռանկիւնով չի սահմանափակուիր անշուշտ: Դիւանագիական տեղեկատուական տագնապին անդրադառնալով` Ռուսիոյ դեսպանը Լիբանանի նկատմամբ Ուաշինկթընի կիրարկած քաղաքականութեան մէջ բացայայտ սադրանք նկատած ըլլալու հրապարակում կը կատարէր:
Ուաշինկթըն-Պէյրութ տեսքով, սակայն ըստ էութեան Ուաշինկթըն-Թեհրան դիւանագիտական- տեղեկատուական հակամարտութեան մէջ Մոսկուայի ներքաշուիլը որոշ եզրագիծեր չի հատեր եւ կը թուի, որ աւելին քան դեսպանին յայտարարութիւնը չ՛արձանագրուիր:
Տարածաշրջանային մակարդակով երանգային տարբերութիւններ կը նախանշուին: Իրաքի մէջ Անգարան եւ Թեհրանը միաժամանակ կը հարուածեն Իրաքի մէջ քրտական զինեալ յենակէտեր: Այն յենակէտերը, որոնք իբրեւ ռազմակայան ստացած են ամերիկեան զինական օժանդակութիւն: Մինչ, Անգարա յանկարծակիօրէն կը յայտարարէ, որ Իտլիպի մէջ պիտի վերսկսի ռազմական գործողութիւններու: Ռազմական գործողութիւններու անմիջական յաջորդականութիւնը նկատի ունենալով` այստեղ կը նախանշուի Թեհրան-Անգարա համաձայնութիւնը: Իրանի սահմանամերձ իրաքեան տարածքներու վրայ քրտական յենակէտեր չէզոքացնել, ապա Թուրքիոյ սահմանամերձ սուրիական տարածքներու վրայ դարձեալ քրտական զինեալ գործօնը հարուածել: Ի հարկէ քրտական գործօնը միակ հանգամանքը չէ, ուր չեն համատեղուիր այլեւս ռուսական եւ թրքական շահերը: Իսկ այստեղ արդէն քրտական զինեալ գործօնը արմատապէս չէզոքացնելու առաջադրանք չունին թէ՛ Ուաշինկթընը եւ թէ՛ Ռուսիան:
Վերադառնանք Պէյրութ եւ նկատենք, որ դիւանագիտական-տեղեկատուական մարտադաշտին վրայ կ՛երեւին ամերիկացի դեսպանն ու դեսպանին յայտարարութիւններուն մասին լրատուութիւն թողարկելը արգիլող դատաւորը: Տակաւին պարզ չէ, թէ ի՛նչ աւարտ կ՛ունենայ այս արարը: Սակայն յստակ է, որ գրաքննութիւնը մերժող իրաւական սկզբունքը պիտի չխախտի: Միւս կողմէ, սակայն, պարզ է, որ պիտի շարունակուի խախտումը` դիւանագիտական կարգերու վերաբերեալ միջազգային պայմանաւորուածութիւններուն` ներքաղաքական իրադարձութիւններուն միջամուխ չըլլալու առումով:
«Ա.»
aztagdaily.com/archives/476457