Իրանեան Արդարադատութիւնը Հրապարակեց Թրամփն Ու Ամերիկացի Եւ Այլ Երկիրներու Քաղաքացի 35 Պաշտօնատարներ Ձերբակալելու Հրամանագիր Մը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի նախկին հրամանատար զօր. Քասեմ Սլէյմանի

Իրանեան Արդարադատութիւնը Հրապարակեց Թրամփն Ու Ամերիկացի Եւ Այլ Երկիրներու Քաղաքացի 35 Պաշտօնատարներ Ձերբակալելու Հրամանագիր Մը

30 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Թեհրանի ընդհանուր դատախազ Ալի Քասմահիր յայտարարեց, որ ճշդուած են անունները Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի նախկին հրամանատար զօր. Քասեմ Սլէյմանիի սպանութեան մեղսակից 36 անձերու, ներառեալ Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ երկիրներէ քաղաքական ու զինուորական պատասխանատուներ:

Դատախազը նշեց, թէ արդարադատական իշխանութիւններու ցուցմունքով վերոնշեալներու հասցէին հրապարակուած է ձերբակալման Ինթերփոլի կարմիր հրամանագիր մը:

«Ցանկին պարագլուխը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, եւ ան հսկողութեան ու հետապնդման պիտի ենթարկուի մինչեւ իսկ իր նստաշրջանի աւարտէն ետք», ըսաւ դատախազը` նշեալ անձերը ամբաստանելով «սպանութեան եւ ահաբեկչական արարք գործադրելու մէջ»:

Ինթերփոլ աւելի ուշ մերժեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը ձերբակալելու իրանեան դիմումը` շեշտելով. «Այս կազմակերպութիւնը բացարձակապէս չի միջամտեր քաղաքական ու կրօնական տագնապներուն մէջ»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի նախկին հրամանատար զօր. Քասեմ Սլէյմանի

aztagdaily.com/archives/476501

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail