Սիսի. «Եգիպտոսի Ազգային Անվտանգութիւնը Սերտօրէն Առնչուած Է Անոր Շրջանային Միջավայրի Անվտանգութեան»
30 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի երէկ յայտարարեց. «Եգիպտոսի ազգային անվտանգութիւնը սերտօրէն առնչուած է անոր շրջանային միջավայրի անվտանգութեան»:
«Բոլորին ծանօթ է, որ կ՛ապրինք խիստ վերիվայրումի մէջ գտնուող շրջանի մը մէջ, ուր միջազգային-շրջանային շահերու խաչաձեւումներն ու հաւասարակշռութիւնները որեւէ երկրի համար դժուար կը դարձնեն իր սահմաններուն մէջ մեկուսանալ եւ սպասել, թէ զինք շրջապատող պայմանները իրեն ինչ պիտի բերեն», նշեց Սիսի:
«Եգիպտոս ոեւէ մէկուն վրայ յարձակում չի գործեր եւ ոեւէ մէկուն ներքին գործերուն չի միջամտեր, սակայն նոյն ատեն իր ազգային անվտանգութիւնը պահպանելու քայլեր կ՛որդեգրէ», աւելցուց ան:
aztagdaily.com/archives/476503