ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Կարապետ Իւթիւճեան (1823-1904). Հայոց Ազգային Զարթօնքին լուսամիտ դաստիարակը եւ յառաջապահ հրապարակագիրը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
Կարապետ Իւթիւճեան (1823-1904).
Հայոց Ազգային Զարթօնքին լուսամիտ դաստիարակը եւ յառաջապահ հրապարակագիրը
28 ՅՈՒՆԻՍ 2020
Ն. Պէրպէրեան
Յունիս 28ի այս օրը, 116 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ վախճանեցաւ 19րդ դարու հայոց Ազգային Զարթօնքին ռահվիրաներէն Կարապետ Իւթիւճեան։
Ամբողջ փաղանգի մը արժանաւոր յառաջապահներէն է հայ ժողովուրդի այս անխոնջ հրապարակագիրն ու ազգային գործիչը, որ 19րդ դարու երկրորդ կիսուն, իր «Մասիս» թերթով, մայրուղի բացաւ հայ մտքի եւ գրականութեան յառաջխաղացքին առջեւ։
Տոքթ. Սէրվիչէն, տոքթ. Ռուսինեան, Գրիգոր Օտեան, Գրիգոր Աղաթոն, Կ. Պալեան եւ այլ անուններով հայոց արդի պատմութեան մեծ շրջադարձը հունաւորած այդ փաղանգին մէջ, Կարապետ Իւթիւճեան յատկանշուեցաւ իր սկզբունքայնութեամբ, ինքնահաւատարմութեամբ եւ աներեր հետեւողականութեամբ։
Ան չունեցաւ իր սերնդակից գաղափարապաշտներուն ու գործընկերներուն բնորոշ փայլքի ու փառքի վերիվայրումները, բայց իր սիրտն ու հոգին, միտքն ու գրիչը միշտ գործի մէջ դրաւ, որպէսզի իր բառերով հայոց «ազգային յառաջդիմութեան» առջեւ լուսաւոր հորիզոններ բանայ՝
«Ազգային յառաջդիմութեան ի սրտէ ցանկացողները պէտք է, որ ամէն բանէ առաջ իրենց ուշադրութիւնը դաստիարակութեան կանոնաւոր դրութիւն մը հաստատելու նուիրեն, առանց որոյ անհնար է չըսենք յառաջդիմութիւն ընել՝ այլ ազգ մը քաղաքակրթել։
«Դաստիարակութիւնը տարածելու համար որչափ զոհողութիւն ալ որ ընենք դարձեալ քիչ է, ըստ որում՝ անհուն ասպարէզ մը կայ առջեւնիս, ուր ոչ միայն պէտք եղած նիւթերը կը պակսին, այլ եւ ամէն բան գրեթէ նոր ի նորոյ ստեղծելու է։ Այսպէս իմանալու է նաեւ ազգային ուրիշ պիտոյից համար, բայց բաներ կան, որ կրնան ետ ձգուիլ, իսկ դաստիարակութիւնը չի կրնար ետ ձգուիլ, որովհետեւ քաղաքակրթուիլ ուզող ազգի համար կենաց եւ մահու խնդիր մ՚է… այն»։
17 Ապրիլ 1865ին լոյս տեսած «Մասիս»ի խմբագրականէն մէջբերուած Իւթիւճեանի այս պատգամը մինչեւ մեր օրերը կ՚առաջնորդէ հայոց ազգային կեանքը։
Թող պարզունակ չթուին Իւթիւճեանի լեզուն եւ ոճը, մտածողութիւնն ու գործնապաշտութիւնը։ Աշխարհաբարի որդեգրման, մշակման ու զարգացման այդ բախտորոշ ժամանակաշրջանին, Իւթիւճեան պէտք է խօսէր եւ իրապէս կրցաւ հասկնալիօրէն խօսիլ պարզ ժողովուրդին, որուն ամէնօրեայ հայերէնը աղճատուած էր օտարաբանութիւններով, յատկապէս խեղճացած էր թրքաբանութեան ճնշումին տակ…
Ազգային Սահմանադրութեան հռչակման ու կիրարկման փոթորկայոյզ ժամանակաշրջան էր, ուր հայկական գաւառներէն Պոլիս հաւաքուած ու օսմանեան մայրաքաղաքէն Եւրոպա անցած, ուսանած եւ վերադարձած երիտասարդ հայորդիներ հաւատարմագրուած էին Ազգի քաղաքակրթական Զարթօնքի մեծ պայքարին, որուն ոգին՝ հաւաքական զոհաբերութեանց պատրաստ գտնուելու յորդորներով, ընդունելի եւ խթանիչ պէտք է դառնար ժողովրդային լայն խաւերուն համար։
*
* *
19րդ դարու Ազգային Զարթօնքի դարակազմիկ պայքարին դրօշակիրներէն է 27 Հոկտեմբեր 1823ին Պալաթու (Պոլիս) ծնած «արդուկահար Սիմոն Աղայի» որդի Կարապետը, որ հօրենական արհեստին հետեւողութեամբ՝ Իւթիւճեան մկրտուեցաւ։
Պալաթուի եւ Սամաթիոյ թաղային վարժարաններուն մէջ նախնական կրթութիւնը ստացաւ եւ 1839ին ընդունուեցաւ Սկիւտարի Ճեմարանը։ Բախտը ունեցաւ աշակերտելու մեծ դաստիարակ Յովհ. Տէրոյենցի, որ «դասագլուխ» վերադիրին արժանացուց իր փայլուն ուսանողին։ Բայց այլազան պատճառներով Սկիւտարի Ճեմարանը փակուեցաւ տարի մը ետք, 1840ին։
Իւթիւճեան յաջորդ չորս տարին ամբողջապէս նուիրուեցաւ ինքնազարգացման եւ յաջողեցաւ 1844ին միանալ իր ժամանակի ուսուցիչներու փաղանգին. պաշտօնավարեց Պէշիկթաշի, Սկիւտարի եւ Ենի Մահալլէի թաղային վարժարաններուն մէջ։
1848ին Կ. իւթիւճեան իր կարգին քայլերը ուղղեց դէպի Եւրոպա։
Փարիզի մէջ հետեւեցաւ Առեւտրական Բարձրագոյն Վարժարանի դասընթացներուն, վկայուեցաւ, կարճ ժամանակով գնաց ու մասնագիտութիւնը զարգացուց նաեւ Լոնտոնի մէջ, ուրկէ Պոլիս վերադարձաւ 1851ին։
Եւրոպական միջավայրին մէջ յեղափոխական խմորումներու բուռն ժամանակաշրջանին զուգադիպեցան Իւթիւճեանի համալսարանական ուսման տարիները. աշխատաւորական իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական ազատութիւններու ձեռքբերման համար մղուող պայքարներու, գաղափարական հոսանքներու եւ ընկերային շարժումներու խաչմերուկին կանգնած՝ ուսանող հայորդին հոսանքէն տարուած սոսկ հետեւորդ մը չեղաւ, ընտրեց եւ իւրացուց այն ամէնը, ինչը հոգեհարազատ էր իր ազգային ենթահողին ու տեսլականին։
Եւ դարու շունչով ու գիտութեամբ զինուած՝ Պոլիս վերադառնալով, Իւթիւճեան նետուեցաւ պայքարի դաշտ։
*
* *
Զուգադիպեցաւ, որ Իւթիւճեանի վերադարձի օրերուն Հայոց Պատրիարքարանը վէճերու մէջ էր իր պաշտօնաթերթը՝ «Հայաստան»ը հրատարակող Տէրոյենցի հետ, որ Իւթիւճեանի նախասիրած ուսուցիչը եղած էր աշակերտական տարիներուն։
Պատրիարքարանը դիմեց Եւրոպայէն նոր վերադարձած «դասագլուխ»ին, որպէսզի ինք ստանձնէ պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը։ Իւթիւճեան համաձայնեցաւ՝ այն պայմանով, որ թերթին անունը փոխէ «Մասիս»ի. այդպէս ալ եղաւ։
Եւ 2 Փետրուար 1852ին լոյս տեսաւ «Մասիս»ի անդրանիկ համարը։
Իւթիւճեանի «Մասիս»ը բառին լիարժէք իմաստով յայտնութիւն մը եղաւ հայ իրականութեան մէջ։
Մեծն Յակոբ Օշականի գնահատականով՝ «Մասիս»ը հայոց բուն երկրին մէջ աշխարհաբարով ստանձնեց, զարգացուց ու կատարելագործեց այն առաքելութիւնը, որուն յառաջապահը եղած էր Մխիթարեաններու «Բազմավէպ»ը Վենետիկի մէջ։
Ոչ միայն հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր գանձարանը նորովի կեանք ստացաւ Իւթիւճեանի «Մասիս»ի էջերուն, այլեւ հայ միտքն ու գրականութիւնը նորարար շունչով ծաղկում ապրեցան, նորանուն արժէքներու ամբողջ փաղանգ մը աշխատակից դարձնելով իր աւելի քան երեսնամեայ անխափան հրատարակութեան։
Մինչեւ 1884, «Մասիս» անխափան լոյս տեսաւ եւ Կ. Իւթիւճեանի հրապարակագրական մեծակշիռ վաստակին փառքը կազմեց։
1884էն ետք, Իւթիւճեան կարճ ժամանակի մը համար Արփիար Արփիարեանի «Արեւելք»ին միացուց իր «Մասիս»ը, բայց 1890ականներուն դարձեալ անջատաբար լոյս տեսաւ թերթը, երբեմն իբրեւ օրաթերթ, նաեւ իբրեւ շաբաթաթերթ մինչեւ 1907 թուականը։
Մինչեւ 27 Յունիս 1904ի իր վախճանումը, Իւթիւճեան անձամբ հսկեց եւ ղեկավարեց իր թերթին հրատարակութիւնը, որ պոլսահայ մամուլի ամէնէն հեղինակաւոր բեմը մնաց տասնամեակներ շարունակ։
*
* *
Ինչպէս Մինաս Թէօլէօլեան կը հաստատէ իր «Դար մը Գրականութիւն» գործին մէջ, Իւթիւճեանի ներդրումը անվիճելիօրէն հսկայական եղաւ՝ աշխարհաբար արեւմտահայերէնի յղկման, թրքաբանութիւններէ մաքրազտման, բառային եւ շարահիւսական մշակման ու կանոնակարգման եւ, մանաւանդ, այսօրուան իր կատարելութեան հասցնելու առումով։
Կրնայ չափազանցութիւն նկատուիլ, բայց Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքի բառերով՝ Կարապետ Իւթիւճեան հանդիսացաւ հայերէն «արդի լեզուի հեղինակն ու հայրը»։ Ոչ միայն իր հրապարակումներուն մէջ Իւթիւճեան տեւաբար հետամուտ եղաւ արեւմտահայերէնի բիւրեղացման, այլեւ՝ իբրեւ խմբագրի՝ շարունակ մղեց իր աշխատակիցները, որպէսզի իրենց նորարար աջակցութիւնը բերեն արեւմտահայ լեզուամտածողութեան հարստացման։
Իբրեւ ստեղծագործ գրող, Կարապետ Իւթիւճեանի անունը փայլուն տեղ չի գրաւեր հայ գրականութեան մէջ. մեծ մասամբ եւրոպական գրականութեան գլուխ-գործոցներու թարգմանութիւններ ու հայացումներ կը մնան իրմէ։ Բայց նոյնիսկ իր թարգմանութիւնները կը վկայեն հայ լեզուի եւ ազգային լեզուամտածողութեան զարգացման ամբողջապէս նուիրուած Իւթիւճեան մեծարժէք հրապարակագիրին արժանաւորութեան մասին։
Յունիս 28ի այս օրը կը լրանայ մահուան 116րդ տարելիցը բառին ամբողջական իմաստով Ազգային Դաստիարակի մը, որ նախ մանկավարժութեամբ, ապա եւ տասնամեակներու վրայ երկարած իր անխոնջ հրապարակագրութեամբ՝ առաջնորդեց հայ ժողովուրդը արդի ժամանակներու ոգիով քաղաքակրթական զարգացման ուղիներով։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ