Արցախեան «Նախշուն թէյ» անունով բուսական նոր թէյը կ՛արտադրուի 2020 թուականի Մարտէն, Ասկերանի մէջ

Արցախեան «Նախշուն թէյ» անունով բուսական նոր թէյը կ՛արտադրուի 2020 թուականի Մարտէն, Ասկերանի մէջ

Արցախեան «Նախշուն թէյ» անունով բուսական նոր թէյը կ՛արտադրուի 2020 թուականի Մարտէն, Ասկերանի մէջ

Արցախեան Նոր Թէյատեսակը Արդէն Կը Վաճառուի

01 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Ըստ «Արցախփրես»-ի համանուն ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն Դաւիթ Գաբրիէլեան ըսած է, որ թէյարտադրութեամբ զբաղուելու միտքը կառաջացած է քանի մը տարի առաջ, բայց հիմնական աշխատանքները մեկնարկած են նոր տեսանի «Քորոնա» ժահրի տարածման շրջանին:

Անոր խօսքով` թէյի անունի ընտրութիւնը կատարած են ընկերային ցանցի միջոցով քուէարկութեան դնելով երեք տարբերակ` «Արցախ թէյ», «Սաթի թէյ»` նախատատի անունով, որ կը զբաղէր խոտաբոյսերով, եւ «Նախշուն թէյ»:

«Թէյը պատրաստելու համար կ՛օգտագործենք արցախեան եւ հայաստանեան բուսականութեան հիմնական բոյսերը, որոնք կը հաւաքենք ընտանեօք: Նախապատուութիւնը կու տանք լեռնային եւ նախալեռնային գօտիներու մէջ աճող բոյսերուն: Մենք մինչեւ բոյսերը հաւաքելու փուլը նախ ուսումնասիրած ենք բոլոր խոտաբոյսերու յատկութիւնները: Թէյերը պատրաստ ըլլալէն ետք քանի մը նմուշ ուղարկած ենք հայաստանեան փորձառու մասնագէտներուն, որոնք ստուգած են անոնց բաղադրութիւնը, բոյսերու համատեղելիութիւնը եւ այլն, որմէ ետք, շտկելով թերութիւնները, զանոնք հանած ենք շուկայ: Բոյսերը կը չորցնենք յատուկ` ոչ ելեկտրական չորանոցներու մէջ` այդպիսով պահպանելով բուսատեսակներու օգտակար յատկութիւնները: Ի դէպ, երկու շաբաթ է, որ թէյերը կը վաճառուին արցախեան շուկային մէջ: Մեր արտադրանքը մնացած բուսական թէյերէն կը տարբերի բաղադրութեամբ. իւրաքանչիւր թէյի համար կ՛օգտագործենք 5-6 տեսակի խոտաբոյսեր, որոնք ունին օգտակար յատկութիւններ: Տուփի մէջ կայ 20 կրամ չոր զանգուած. շուտով պիտի ունենանք նաեւ մեծ տուփեր` 50կ․ եւ աւելի տարողութեամբ»,-մասնաւորապէս ըսած է Գաբրիէլեան:

Ան նշած է, որ «Նախշուն թէյ»-ի պահանջարկը երթալով կ՛աճի, իսկ վաճառքը կ՛իրականացուի հիմնականօրէն ընկերային ցանցերու «Նախշուն թէյ» էջի միջոցով:

Արցախեան «Նախշուն թէյ» անունով բուսական նոր թէյը կ՛արտադրուի 2020 թուականի Մարտէն, Ասկերանի մէջ

yerakouyn.com/2020/07/01/արցախեան-նոր-թէյատեսակը-արդէն-կը-վաճա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail