ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գաբրիէլ Սունդուկեան (1825-1912) Հայկական Թատրոնի կենսատու վարպետը, Հայ Ժողովուրդի ընկերային ինքնամաքրման պատգամաբերը

– ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գաբրիէլ Սունդուկեան (1825-1912) Հայկական Թատրոնի կենսատու վարպետը, Հայ Ժողովուրդի ընկերային ինքնամաքրման պատգամաբերը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գաբրիէլ Սունդուկեան (1825-1912) Հայկական Թատրոնի կենսատու վարպետը, Հայ Ժողովուրդի ընկերային ինքնամաքրման պատգամաբերը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

Գաբրիէլ Սունդուկեան (1825-1912).
Հայկական Թատրոնի կենսատու վարպետը,
Հայ Ժողովուրդի ընկերային ինքնամաքրման պատգամաբերը

29 Յունիս 2020

Ն. Պէրպէրեան

Յունիս 29ի այս օրը, 195 տարի առաջ, Թիֆլիսի մէջ լոյս աշխարհ եկաւ Գաբրիէլ Սունդուկեան անուն-ազգանունով մանուկ մը, որ կոչուած էր ամբողջ կեանք մը լեցնելու թատերագրական գործերու ստեղծագործութեամբ, որպէսզի իր դրոշմը անջնջելիօրէն դնէ Հայկական Թատրոնին վրայ՝ անոր պարգեւելով նոր շունչ, որակ ու կենսունակ աւիշ։

Ստեղծեց Պեպօ եւ Զիմզիմով անուններով բոլոր ժամանակներուն սահմանուած անմահ կերպարներ, որոնք մարմնաւորեցին հայ իրականութեան որոշակի մէկ ժամանակահատուածին համն ու հոտը՝ հայոց կենցաղային ու ընկերային բարքերուն եւ հասարակական շաղախին քննադատութեան ու բարեփոխման պատգամաբերը դառնալով։

Յատկապէս Պեպոյի կերպարին մէջ Գաբրիէլ Սունդուկեան իր էութենէն այնքան շունչ, յոյզ եւ միտք դրաւ, որ երբ հասաւ իր կեանքի վերջալոյսին, 29 Մարտ 1912ի իր մահէն ամիսներ առաջ, 14 Օգոստոս 1911ին գրուած իր կտակին մէջ պատուիրեց իր հարազատներուն եւ ընթերցողներուն՝

«Գերեզմանիս վրայ ոչ մի արձան հարկաւոր չէ, մի սեւ քար ու իմ մարմինը։

«Վրան այսպէ՛ս գրել տուէք.
«Գաբրիէլ Սունդուկեան – Համմալ
«Ծնուեց 1825թ. Յունիսի 29ին
«Վախճանուեց 191… թուին։
«Եթէ սրտանց ուզում էք եւ արժան էք համարում արձան դնել, ապա այդ արձանը իմ փոխանակ Պեպոյի համար կանգնեցրէք՝ որտեղ որ յարմար լինի»։

*
* *

Թէեւ Պեպոյի նիւթեղէն արձանը կանգնեցնելու Սունդուկեանի կտակին ընթացք չտրուեցաւ օրին, բայց «Պեպօ» թատրերգութեան առաջին բեմականացումէն՝ 1870էն սկսեալ, իրերայորդ սերունդներու սրտին ու մտքին մէջ, իր կարեւոր տեղը գրաւեց եւ միշտ կանգուն մնաց ոգեղէն «արձան»ը Սունդուկեան-Պեպոյին։

Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ Սունդուկեանի «Պեպօ»ն ոչ միայն բարձրադիր գագաթ մը նուաճեց հայ թատերական գրականութեան մէջ, այլեւ թիֆլիսեան կինտոներէն իր վերցուցած այս ինքնատիպ հերոսով՝ ձկնորս Պեպոյի տիպարով, իւրովի յաւերժացուց հայ ժողովուրդի անսահման բարութիւնը, արդարութեան պաշտամունքը եւ անկաշառ արժանապատուութեան զգացողութիւնը։

Մանաւանդ որ իր կեանքով ու անձնական օրինակով՝ Գաբրիէլ Սունդուկեան հաւատարմագրուեցաւ ՀԱՅը իր ազգային աւանդներով ու արժէքներով ազնուացնելու եւ բարձրացնելու տեւական ճիգին. մէկ կողմէ՝ հեգնեց եւ դատապարտեց հայու արատներն ու յոռի բարքերը, այլ մանաւանդ քաղքենիացման եւ օտարամուտ ազդեցութեանց հետեւանքով առաջացած այլասերումները. իսկ միւս կողմէ՝ անսահման գուրգուրանքով փարեցաւ բարի, աշխատասէր, հպարտ եւ իր արժանաւորութեան խորապէս գիտակից Հայուն՝ անոր ազգային-հասարակական լիարժէք ինքնահաստատումը դարձնելով իր գրականութեան գերագոյն նպատակը։

*
* *

Գաբրիէլ Սունդուկեան լոյս աշխարհ եկաւ թիֆլիսահայ բարեկեցիկ ընտանիքի մը մէջ, ուր խօսակցական լեզուն վրացերէնն էր։
Կանուխ տարիքէն կորսնցուց հայրը, որ յաջողած առեւտրական մըն էր։ Մայրը ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ իր տղուն դաստիարակութեան։

Մասնաւոր դասատու ուսուցիչներու օգնութեամբ՝ Սունդուկեան ոչ միայն հայերէնին տիրապետեց, այլեւ սորվեցաւ ֆրանսերէն, ռուսերէն ու իտալերէն։

Նախակրթական ուսումը ստացաւ Թիֆլիսի մէջ Խաչատուր Աբովեանի բացած դպրոցէն ներս, որմէ ետք յաճախեց եւ աւարտեց Թիֆլիսի պետական գիմնազիան։ 1846ին ընդունուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանը, որուն արեւելեան լեզուներու բաժանմունքը յաջողութեամբ աւարտեց 1850ին՝ արաբերէնը, թրքերէնը եւ պարսկերէնը գումարելով իր սորված լեզուներուն վրայ։

Փեթերսպուրկեան տարիները վճռորոշ դեր ունեցան թատրոնի նկատմամբ Սունդուկեանի սէրն ու հետաքրքրութիւնը խորացնելու եւ զարգացնելու մէջ։ Ոչ միայն յափշտակուեցաւ Շէյքսփիրի, Հիւկոյի եւ Շիլլէրի գործերով, այլեւ՝ մօտէն հետեւեցաւ ու ծանօթացաւ ռուսական թատրոնի նորութիւններուն, յատկապէս ռուս թատերագիրներու գործերուն։

1850ին, ուսման աւարտին Թիֆլիս վերադառնալով, Գաբրիէլ Սունդուկեան թարգմանի պաշտօնին կոչուեցաւ Կովկասի փոխարքայի գրասենեակին մէջ, բայց շուտով իր գաղափարներուն համար «հակացարական» նկատուելով՝ 1854էն 1858 աքսորուեցաւ Դերբենտ (Տաղստան)։

Աքսորի աւարտին վերադարձաւ Թիֆլիս, ուր եւ ապրեցաւ մինչեւ մահ։

Պետական պաշտօն ստացաւ Կովկասի Երկաթուղագիծի վարչութեան մէջ, ամուսնացաւ ու չորս զաւակ ունեցաւ եւ ապրեցաւ առանց ցնցումներու կեանք մը։

Բայց նաեւ հայկական թատրոնով ու թատերգութեամբ յագեցած երկար կեանք մը՝ որ համակ աշխատանք եւ եռանդ եղաւ։

*
* *

1863ին, երբ 38 տարեկան էր, Սունդուկեան գրեց իր առաջին թատրերգութիւնը՝ «Գիշերուան սապրը խեր է», որ շուտով բեմադրուեցաւ եւ արագօրէն ժողովրդականութիւն գտաւ։

Առաջին իր այս գործով իսկ, Սունդուկեան յեղափոխութիւն առաջացուց թէ՛ հայկական թատրոնի խաղացանկը արդիականացնելու եւ թէ հայ թատերագրութեան մէջ գեղարուեստական բարձրորակ մշակում ու ոճ հանդէս բերելու առումներով։

Եթէ մինչեւ Գաբրիէլ Սունդուկեան հայկական թատրոնը վերապահուած էր ազգային-պատմական դէմքերու եւ դէպքերու նուիրուած դասական ոճով ողբերգութեանց, որոնք շեշտակիօրէն ճառախօսական եւ բարոյախօսական գրականութեան կը պատկանէին, Սունդուկեանով անցում կատարուեցաւ դէպի իրապաշտ կատակերգութիւն, որ բեմ կը հանէր հայ կեանքը՝ իր շօշափելի տիպարներով եւ իրական հարցերով։

Եւ որովհետեւ Սունդուկեան աշխատունակ գրող էր եւ քաջածանօթ եւրոպական թատրոնի հին-դասական թէ արդի-նորարարական գործերուն ու հոսանքներուն, յաջորդաբար լոյս տեսան (քանի մը տարին մէկ) ու բեմականացուեցան գեղարուեստական իրենց որակով շարունակաբար մագլցում արձանագրող Սունդուկեանի իրապաշտ կատակերգութիւնները։

Թէեւ 1870ին գրուած եւ ձեռագրային վիճակի մէջ անմիջապէս բեմադրուած «Պեպօ»ն, որ յետ հեղինակի վերամշակման լոյս տեսաւ 1876ին, հանդիսացաւ հեղինակին գլուխ-գործոցը եւ իբրեւ այդպիսին անկրկնելի բարձունք մը մնաց, այսուհանդերձ՝ Սունդուկեան հայ գրականութեան ժառանգ ձգեց ամբողջ շարք մը թատրերգութիւններու.- «Խաթապալա»ն, «Քանդուած Օճախ»ը, «Էլի մէկ զոհ»ը, «Ամուսիններ»ը եւ մահուան սնարին մէջ իր աւարտին հասած «Սէր եւ Ազատութիւն»ը ամէնէն հռչակաւոր էջերը կը կազմեն Սունդուկեանի թատերագրական ժառանգութեան։

– ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գաբրիէլ Սունդուկեան (1825-1912) Հայկական Թատրոնի կենսատու վարպետը, Հայ Ժողովուրդի ընկերային ինքնամաքրման պատգամաբերը

*
* *

Անխտիր իր բոլոր գործերուն մէջ, Սունդուկեան բեմ հանեց հարուստի եւ աղքատի, օտարամոլութեան եւ հայեցիութեան, նիւթապաշտութեան եւ բարոյախնդրութեան, հին ու նոր սերունդներու եւ մտայնութեանց բախումները՝ յատուկ խոշորացոյցի տակ առնելով ընտանեկան բարոյականի անկման երեւոյթները, դասակարգային չարաշահուները եւ պճնասիրութեան ու ցուցամոլութեան արատներն ու խաթարումները։

Ծիծաղն ու արցունքը միախառնուեցան Սունդուկեանի գործերուն մէջ, որոնք հանդիսատեսին առջեւ բացին հայ կեանքի արատներուն եւ այլասերումներուն վրայ ծիծաղելու, բայց միաժամանակ սեփական թերութեանց ու սայթաքումներուն անդրադառնալու եւ ցաւելու-ինքնամաքրուելու իրապաշտ պատկերներ։

Եւ այդ ծիծաղն ու արցունքը օգնեցին իրերայաջորդ սերունդներուն, որպէսզի հաւատքով ու ինքնավստահութեամբ զինուին՝ դիմագրաւելու համար հայ կեանքի ընդհանուր բարեշրջման հրամայականները։

Որպէսզի Պեպոները տէր դառնան իրենց իրաւունքին ու արժանանան արդարութեան, իսկ Զիմզիմովները ի վերջոյ հաշիւ տան իրենց ընչաքաղցութեան եւ չարաշահումներուն համար՝ դատաստանի առջեւ հանուելով եւ արդար պատիժի ենթարկուելով։

Եւ այդ պատճառով ալ Գաբրիէլ Սունդուկեան հանդիսացաւ հայ գրականութեան այն բացառիկ մեծութիւններէն, որոնք իրենց կենդանութեան իսկ ըստ արժանւոյն գնահատուեցան եւ փառաւորուեցան։

1888ին Թիֆլիսի մէջ տօնուեցաւ Սունդուկեանի գրական-ստեղծագործական գործունէութեան 25ամեակը, իսկ յետ մահու, 1922ին, իր անունով կոչուեցաւ Հայաստանի Պետական Թատրոնը։

Այդպէ՛ս Հայկական Թատրոնի կենսատու վարպետի իր յաւերժական պատուանդանը նուաճեց Գաբրիէլ Սունդուկեան, որ այս աշխարհէն չմեկնած՝ իւրօրինակ կտակ մը գրելով, վիրահայու իր բարբառով հայոց սերունդներուն խրատեց՝

«Մնա՛ս բարով, իմ սիրելի ու պաշտելի ասկ: Աստուծ վաթանիդ արժանէ անէ»:

– ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գաբրիէլ Սունդուկեան (1825-1912) Հայկական Թատրոնի կենսատու վարպետը, Հայ Ժողովուրդի ընկերային ինքնամաքրման պատգամաբերը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail