Շիրինեան. «Յաջողած Ենք Կանխել Թրքամէտ Եւ Ազրպէյճանամէտ Թեկնածուներու Յաղթանակը»

Շիրինեան. - Յաջողած Ենք Կանխել Թրքամէտ Եւ Ազրպէյճանամէտ Թեկնածուներու Յաղթանակը

Շիրինեան. «Յաջողած Ենք Կանխել Թրքամէտ Եւ Ազրպէյճանամէտ Թեկնածուներու Յաղթանակը»

02 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

«Մեր Գործունէութիւնը Լոբիինգի Հողի Վրայ Շարունակուելու Է Նոյն Կերպ, Ով Էլ Լինի Իշխանութեան»

Ֆրանսայի մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները գոհացուցիչ են ֆրանսահայ համայնքին համար. «Ֆրանսայի ընտրութիւններուն հայ համայնքին համար երկու կարեւոր հանգամանք կայ. առաջինը թուրք-ազրպէյճանական աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներու չընտրուիլն է: Երկրորդը` հայ համայնքի, հայկական կազմակերպութիւններու բարեկամներու յաջողութիւնը», «Ռատիոլուր»-ին ըսաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան:

28 յունիսին տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին արդիւնքներով Փարիզի քաղաքապետ վերընտրուած է Անն Իտալկոն: Վերջին ամիսներուն ֆրանսահայերը կ՛ահազանգէին. Իտալկոյի քաղաքական հակառակորդը` Ռաշիտա Տաթին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մեծ բարեկամն է. եղած է Ազրպէյճանի բարեկամներու միութեան անդամ, որ կը նկատուի Ֆրանսայի մէջ «խաւիարային դիւանագիտութեան» գլխաւոր գործիքն ու յայտնի է ամբողջատիրական Ազրպէյճանի իշխանութիւններու հետ սերտ կապերով:

Հայաստանի, Հայ դատի եւ հայ համայնքի լաւ բարեկամ Անն Իտալկոյի վերընտրուիլը չէ միայն, որ 28 յունիսի ընտրութիւններու արդիւնքներով գոհ է հայ համայնքը. «Ֆրանսայի կեդրոնական շրջաններուն մէջ Էրտողանի ջանքերով որոշ ցուցակներու մէջ ընդգրկուած էին թրքական ծագումով ֆրանսացիներ, որոնք աւելի ուշ Հայոց ցեղասպանութիւնը հրապարակայնօրէն ժխտած էին: Եւ հայ համայնքը մեծ պայքար տարաւ, որպէսզի այդ թեկնածուները ձախողին», ըսաւ Յարութ Շիրինեանը:

Բայց կիրակի օր տեղի ունեցած քուէարկութենէն ետք «եան»-ով կ՛աւարտի ո՛չ միայն Ֆրանսայի, այլեւ Եւրոպական Միութեան ամէնէն կարեւոր քաղաքներէն մէկուն ղեկավարին մականունը. Ժանն Բարսեղեանն է Սթրազպուրկի նոր քաղաքապետը:

Ֆրանսահայութեան համար շատ կարեւոր է, որ հայկական համայնքի ներկայացուցիչները ներկայացուած ըլլան երկրի քաղաքական կեանքին մէջ, կ՛ըսէ Յարութ Շիրինեան: Ժանն Բարսեղեանի հետ համագործակցութեան եզրեր կը նախանշուին. «Տիկին Բարսեղեանը բաւական հետաքրքրուած է Հայաստանի բնապահպանական ոլորտով: Հաւանական է, որ Հայ դատի գրասենեակը եւ հայ համայնքը անոր աջակցութիւն ցուցաբերեն` միասին ծրագիրներ իրականացնելու», ըսաւ Շիրինեան:

Բաքուի Հայութեան Ճակատագիրը Եւրախորհրդարանում. Ուշագրաւ Մանրամասներ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակից

aztagdaily.com/archives/476732

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail